“Մեր ետեւ մնաց Հին աշխարհը:
Պայծառ երկինք մըն է: Լոյսը կ»ընկերանայ մեզի: Վարը, ցիր ու ցան ամպերուն մէջէն Ատլանտեանի կապոյտն է, որ մերթ ընդ մերթ կը դիտեմ` կարծես կողմնորոշուելու համար պարզապէս:
Տակաւին երկա՜ր ժամեր կան մեր առջեւ, ժամեր` վերյիշելու համար այն ամենը, որ ձգեցինք Հին աշխարհին:
Գահիրէ` Տահեր թաղամասի մեր բնակարանը, ուր անցաւ մանկութիւնս ու վաղ պատանեկութիւնս: Մեր տունէն ո՛չ շատ հեռու` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն սուրբերը հայու աչքեր ունէին: Թաղը` հանրակառքի ճռնչիւններով ու շրջիկ վաճառորդներու անվերջ կանչերով:
Դպրո՜ցս` Գալուստեան ազգային վարժարանը, որուն պատերէն հայութիւն կը ծորէր մեր հոգիներուն մէջ, եւ ուր անցան կեանքիս ամենէն կարեւոր տարիները: “Յուսաբեր“ը` շէնքը, թե՛րթը մանաւանդ,որ իր հմայքին տակ առաւ զիս: Հայկական միւս ակումբները, միւս դպրոցները, այլ կալուածները: Առաջնորդարանը` եկեղեցիին կողքին: Միւս եկեղեցիները:“
Այսպէս կը սկսի այս հատորը, որ իւրայատուկ ձեւով կը ներկայացնէ Վրէժ-Արմէնի անցած ուղին` Ի. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերը: Անոր յուշերուն ընդմէջէն, Եգիպտոսէն Գանատա, ընթերցողը մասնակից կը դառնայ մեր ազգային կեանքի տարբեր իրադարձութիւններուն, որոնց ականատեսը եւ յաճախ դերակատարը հանդիսացած է գրողը ինքը, անոնք առնչուած ըլլան մեր կրթարաններուն, կազմակերպութիւններուն թէ մամուլին, կամ հայրենիքի հետ կապերուն, այլեւ հաղորդակիցը կը դառնայ այն ոգիին, որ այդ բոլորին ճամբով փոխանցուած է գրողին ու իր սերունդին սերունդին:
Աղբիւրները չեն պակսած այդ բոլորը վերյիշելու եւ իրարու քով բերելով հետաքրքրական պատումի մը վերածելու համար: “Բարեբախտաբար այն մեծ սնտուկը, որ մեզմէ առաջ ճամբայ էր ելած արդէն, ոչ միայն մեր կահ-կարասին ու հագուստ-կապուստը կը փոխադրէր, այլեւ մեր հազարաւոր գրքերուն հետ նաեւ մեր թուղթերը` շարադրութեան տետրակներէս, նամակներէս, օրատետրերէս սկսեալ մինչեւ հրատարակուած յօդուածներս, լուսանկարներու մի քանի տասնեակ ալպոմները, որոնք մայրս կազմած էր տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր ալ օրատետրերն ու նամականին: Այս թռիչքը ըրած պահուս, դեռ չէի գիտեր ե՞րբ պիտի գար առիթը օգտուելու այդ բոլորէն ու գրելու:“ կը կարդանք գրքին ներածականին մէջ: Օգտագործուած է նոյնպէս հեղինակին շուրջ կէս դարու արխիւը` հաւաքուած Գանատայի՛ մէջ:
Վրէժ-Արմէնի կեանքի ուղին կը զուգադիպի Եգիպտոսի հայ գաղութի բարձրակէտին, այլեւ կծկումի սկզբնաւորութեան, ապա Գանատայի, յատկապէս Մոնթրէալի հայ գաղութի կերտման ու զարգացման տարիներուն:
Յակոբ Խաչիկեան կը վկայէ. “Իմ ուղեպատումը“ վառ գոյներով ներկայացուած ինքնաճանաչման ուղի մըն է: Զայն կարդալով նախ եւ առաջ կը ծանօթանանք գրողին ընտանիքին ու իր երիտասարդ օրերու ինքնութեանը, այնքան մօտէն` ինչպէս կերպարներու կը ծանօթանանք գրականութեան մէջ… Այս քնարական ու ճարտարահիւս յուշագրութիւնը երեւան կը բերէ աշխարհ մը` մտաւորականներու եւ գրական հսկաներու փարթամ ու գունագեղ կերպարներով եւ չնաշխարհիկ արեւելեան տեսարաններով:
Իսկ Կարէն Սիմոնեան կ»աւելցնէ. Վրէժ-Արմէնը մեր դիմաց բացել ու փռել է իրադարձութիւնների մասին յիշողութիւնները եւ ընթերցողը տեսնում է այն գլխաւորը, ինչը բացայայտւում է հեղինակային իւրօրինակ արձակի կշռոյթով:Արմատնե՞րը… Անշո՛ւշտ արմատները… Արմատները ծիլ են տալիս, ճեղքում են տասնամեակների տափանած գետինը, դէպի լոյսն է ձգւում ընձիւղը… Որպէսզի դառնայ շիւ, յետոյ` դալար մի ծառ… Որպէսզի դառնայ մարդկայինի, հայկականի, հոգեւորի եւ ազատագրութեան գաղափարի հաւատի կաղնին:
Գեղատիպ ու յիշատակները կենդանացանող լուսանկարներով հարուստ այս հատորը հրատարակուած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Հորիզոն շաբաթաթերթի հովանաւորութեամբ:
Հատորին գին նշանակուած է 30 $: Առաքման ծախսը` յաւելեալ, ըստ երկրի: Նոյն ծրարով առաքուած մէկէ աւելի գրքերու առաքման ծախսը գիրք գլուխ նուազ կ»ըլլայ: Կազմակերպութիւններու համար, մեծաքանակ ապսպրանքի պարագային` յատուկ զեղչ:
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան` info@hamazkayin.ca, կամ հեղինակին` Vrej-Armen Artinian 1 (514) 334-5454, vrejarmen@hotmail.com :