ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ
Հայաստանի Կրթական եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը ամէն տարի Սփիւռքէն ուսուցիչներ կը հրաւիրէ վերապատրաստելու։ Ութ տարիներ առաջ, առաջին անգամ գացած էի վերապատրաստուելու եւ այս տարի ալ որոշեցի երթալ, այս անգամ վերապատրաստուելու որպէս տնօրէն։ Ինծի համար որոշ դժուարութիւններ ունէր երթալս, անձնական պատճառներով։ Սակայն բոլոր կեանքս ուսուցիչ ըլլալէ ետք, կը փափաքէի որպէս տնօրէն պատրաստուիլ։
Յունիս 25ին Երեւան ժամանեցի, ուր օդակայանը ինծի կը սպասէին մեր շատ սիրելի բարեկամները, Մարկարեթան ու Գեղամը։ Քանի մը օր իրենց տանը մնալէ ետք գացի մնալու հանրակացարան եւ սկսելու վերապատրաստումը, ,Աճեմեան» գոլէճին մէջ, Նորքի երկրորդ շրջան։
Բացման հանդիսութեան, ինծի պատիւը տրուեցաւ շնորհակալութեան խօսք ուղղելու յարգարժան նախարարին եւ բարի գալուստի՝ ուսուցիչներուն։ Սակայն Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարը դժբախտաբար չեկաւ եւ փոխ նախարարն ալ քանի մը վայրկեան մնալէ ետք, քանի մը խօսք ըսաւ ու գնաց։ Մեր դասերը սկսան Յուլիս 1, 2014ին։ 41 ուսուցիչներ, աշխարհի չորս ծալքերէն եկած էին վերապատրաստուելու։ Մեր դասարանը՝ Դպրոցի Կառավարման դասարանը չորս հոգի էինք, ես, Լենա Նազարեանն ու Անի Ֆիշենկճեանը՝ Հալէպէն եւ Ժանեթա Խաչատրեանը՝ Աբխազիայէն։ Մեր դասարանը ամէն ինչ շատ լրջութեամբ կþունկնդրէր ու կը սորվէր։ Մենք ունէինք սքանչելի ուսուցիչներ ինչպէս Դաւիթ Գասպարեանը, որ մեզ տարաւ հայ գրականութեան ծննդոցը՝ ծագումը …. Ան մասնագէտ էր մասնաւորապէս Չարենցի եւ մենք սորվեցանք բաներ, որ ցարդ լսած չէինք։ Գինոսեան Գագիկը, որուն պատրաստած տեսաերիզով մեր ,Հայկազեան» վարժարանի աշակերտները, անցեալ տարի իսկական ,Թամզարանե սորված էին, խօսեցաւ Հայկական Տոհմիկ պարերու մասին։ Սորվեցանք, որ Խորհրդային կարգերու ընթացքին փոխած էին նաեւ մեր հայկական տոհմիկ պարերը։ Մեր Ամերիկայի մէջ սորված պարերը, երբեմն Հայաստանցի պարուսոյցներու կողմէ նոյնիսկ, աղաւաղուած հայկական պարերն են։ Ուրախ ենք, որ Հայաստանի աշակերտներու դասացուցակին մէջ մուտք գործեց իսկական տոհմային պարերը՝ մեր գաւառներու պարերը։ Մեր նախնիները զգացումներով պարած են եւ ոչ թէ արուեստականը։ Մեզի համար պատիւ էր դասախօս ունենալ Արտակ Մովսիսեանը, որ ոչ միայն համալսարանի Հայոց Պատմութեան (մասնաւորապէս Հայ Ժողովուրդի ծագման) դասախօս էր, այլ պատրաստած էր զանազան տեսաերիզներ, ,Հռոմից Աւելի Հին Մայրաքաղաքե, ,Պատմութեան Կեղծարարներըե, ,Տիգրան Մեծե, ,Նեմրութե… որոնցմէ ոմանք, ուրախ ենք որ այժմ դիմատետրի (facebook) վրայ կը տեսնենք։ Անոնք թարգմանուած են անգլերէնի, ռուսերէնի, թրքերէնի եւ պարսկերէնի։
Պարոն Դաւիթ Գասպարեանը մեզի խօսեցաւ Անիի աւերակներու հզօրութեան մասին եւ ըսաւ, որ միայն ,երբ տեսնես…կþանդրադառնաս»։
***
Նոյն օրը, մեր բարեկամը՝ Օսմանագիտութեան դասախօս՝ Լուսինէ Սահակեանը, ուշադրութեանս յանձնեց, որ խումբ մը 134 հոգիներէ բաղկացած պիտի այցելէ Արեւմտեան Հայաստան, երկու օրուայ համար եւ մէկ հոգիի տեղ կայ։ Անմիջապէս արձանագրուեցայ մասնակցելու։ Պատմութեան դասախօսներ Էտիկ Մինասեանի եւ Աշոտ Մելքոնեանի Պատմութեան Համալսարանի շրջանաւարտ աշակերտներն ու խումբ մըն ալ բարեկամներ կþերթային Արեւմտեան Հայաստան, ուր աշակերտներէն ոմանք, իրենց պատմութեան վկայականը պիտի ստանային։
Ամէն տարի այս դասախօսները իրենց շրջանաւարտներուն վկայականը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կու տան։ Ես ուսանողներու ինքնաշարժն էի, ուր մեր խումբը 17 հոգի էինք։ Անցանք Ախալքալաք, Ախալցխայէն, Ջավախքէն։ Մեսրոպ Մաշտոցի հզօր արձանը տեսանք։ Հայկական Ճաշարան/Պանդոկի մը մէջ խինկալի (վրացական խմորեղէն) կերանք ու շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի մեր հողերը։ Իսկապէս շատ ազդեցիկ էր մեր երիտասարդներու հոգեվիճակը, որ հանդէս կու գար իրենց երգած ազգային երգերէն։ Ամենաշատ երգուած երգը, Սողոմոն Թեհլիրեանի երգն էր։ Ինքնաշարժին մէջ երգեցին ու պարեցին։
Մենք մտանք Արեւմտեան Հայաստան ու առաջին անգամ այցելեցինք Անիի աւերակները։ Իսկապէս հզօր էր ու կը ներկայացնէր մեր ազգի փառքն ու հաւատքը, ինչպէս նաեւ անկումը։ Յոգնեցուցիչ էր, սակայն իսկապէս կþարժէր։
Մեր ընթրիքը Կարսի մէջ կատարեցինք եւ Պայազիտ պարկեցանք երկու պանդոկներու մէջ։ Մաքուր էր ու հանգիստ։ Յաջորդ օրը գացինք Վան եւ Աղթամար Կղզին։ Աշխարհի ամենագեղեցիկ տեղերէն մէկն էր։ Քանի մը աշակերտ իրենց վկայականները ստացան։ Քիւրտերը կալուածներ կþառնեն լիճին եզերքը եւ տուներ կը շինեն։ Ինծի հարցուցին, որ ինչու հայերն ալ չեն առներ տուներ։ Ես պահակին հարցուցի, որ կրնայինք խմբային աղօթք մը ընել եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ ոչ, պէտք է մեր Առաջնորդը հրաման առնէ եւ ան ալ հոն չէր։
Ամէն մարդ անձայն աղօթեց։ Ոտքերս փորձեցի ջուրը դնել։ Այնքան քարոտ էր, որ հազիւ քայլ մը մտայ, ջուրին մէջ մխրճուեցայ եւ շուտով ինքզինքս դուրս նետեցի։
Կղզի երթալու ժամանակ, նաւին մէջ երիտասարդները երգեցին եւ Քոչարի պարեցին։ Քիւրտ տղաք ալ նաւին երկրորդ յարկը պարեցին։ Մրցակցութիւնը զօրաւոր էր։ Ազգային երգերն ու Հայկական դրօշակը ամէն կողմ էր։ Գացինք եւ այցելեցինք Վանայ կատուները։ Մտանք կատուներուն տունը։ Երկու աչքերնին տարբեր գոյներ են եւ մէկ ականջնին ալ խուլ։ Պատասխանատուները քիւրտեր էին։
Յաջորդ կայանը Կարսի բերդն էր եւ Առաքելոց Վանքը։ Խօսեցանք մզկիթի վերածուած եկեղեցիի մուտքին՝ քիւրտերու հետ:
Մուտք գործեցինք մզկիթի վերածուած եկեղեցին։ Իսկապէս ցաւալի էր։ Ներսը շատ մաքուր, յատակը գորգերով ծածկուած։ Հարցուցինք թուրք պահակին, թէ ի՞նչ կը զգար ,մզկիթեին մէջ աղօթած ատեն։ Պատասխանեց, որ աղօթքը՝ աղօթք է: Ես բերդ չկրցայ բարձրանալ, սակայն երիտասարդները բարձրացան եւ հոն ալ ծածանեցաւ եռագոյնը։ Ոստիկանները բարկացան, սակայն բոլորս միացանք եւ մեր ինքնաշարժներուն մէջ նստելով ճամբայ ելլանք։ Մեր խումբին դրօշակը բաւական հարցեր ստեղծեց, երեւոյթ մը որ բնական էր։ Չարենցի տունը Կարսի մէջ աղբամանի վերածուած ամայի ծախու բլատակ տուն մըն էր։ Հայկական հողերը չձգած, վարորդը ակնթարթ մը կանգ առաւ եւ երիտասարդները իջան եւ պարեցին….ան հաւատքով, որ օր մը իբրու տանտէր պիտի վերադառնայինք։ Սահման ժամանելուն, մարդիկ ինծի հարցուցին, թէ հաւնեցա՞նք Թուրքիան: Պատասխանեցի, թէ մենք մեր հայրենիքն էր որ այցելած էինք։ Մարդը պատասխանեց, որ ատիկա ձեր պապերուն հողերն էին։
Կը յանձնարարեմ, որ ով որ պատեհութիւն ունենայ, այցելէ Արեւմտեան Հայաստան։
***
Մօրս ծնողները Պոլիսէն ըլլալնուն, շատ յաճախ այցելած եմ։ Հոն մարդիկ այնքան շատ ալ Հայերուն մասին չէին գիտեր։ Սակայն մեր հողերուն վրայ ապրողները գիտեն, որ այդ հողերը Հայկական են։ Ես միայն երկու շիշ ջուր գնեցի։
Մէկ օր դպրոցէն բացակայելէ ետք շարունակեցի դասերս։ Մեզի հոգեբանութիւն տուին Դրօ Ծատուրեանն ու Կամօ Վարդանեանը։ Հայոց Պատմութիւն դասաւանդեցին Արման Մալոյեանն ու Վարդան Դանիէլեանը, գրականութիւն դասաւանդելու ոճը՝ Թամարա Թովմասեանը, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ Յասմիկ Մարգարեանը, հայ դասական երաժշտութիւնը՝ Մհեր Նավոյեանը։ Սորվեցանք, որ ներկայի կէտադրական նշանները, հայկական երաժշտական խազեր եղած են։ Աշոտ Ղուկասեանը մեզի դասաւանդեց Հայոց Պատմութեան դասաւանդման մեթոտիքան։ Որքան պիտի փափաքէի, որ այսօրուայ մեր առաջնորդները, Պրն. Ղուկասեանի պէս ազգասէր ուսուցիչներ ունենային։ Ինծի համար շատ եզակի անձնաւորութիւն մը եղաւ Տիկին Անահիտ Արնաւուտեանը, որ մեզի սորվեցուց ուսումնական գործընթացի կազմակերպումը։ Ան ինծի անձնապէս տուաւ ինքնավստահութիւն։
Մեր դասերու փակման օրը եղաւ նաեւ շատ տպաւորիչ։ Երբ կ՛երթաս վերապատրաստման, եթէ սորվիլ ուզես, շատ բան կը սորվիս եւ աւելին, աշխարհի չորս ծալքերէն ընկերուհիներ կ՛ունենաս։ Ամենահաճելի բաներէն մէկը առտու կանուխ սենեակիդ կամ ընկերուհիներէդ մէկուն սենեակը սուրճ խմելն էր, կամ կէսօրէ ետք՝ պաղպաղակ ուտելը։ Հայաստան այնքան տաք էր, որ փողոցները պտտիլը գոնէ ինծի համար անկարելի էր։ Մեր խումբին մէջ կային Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Թիֆլիսէն, Ջաւախքէն, Գրասնատարէն, Մոսկուայէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն, Աբխազեայէն եւ այլ նախկին Խորհրդային զանազան քաղաքներէն։
Բոլորովին տարբեր անձեր էինք, սակայն բոլորիս առաքելութիւնը նոյնն էր։ Ապագայ Հայ սերունդը շատ լաւ պատրաստել։ Ամէն տեղ դժուարութիւններ շատ կային, սակայն կար նաեւ զօրաւոր կամք։
Յուլիս 28ին, ես հրաւիրուած էի ելոյթ ունենալու Հ1 պատկերասփիւռի ,Առաւօտ Լուսոյե ծրագրէն, Թամարա Թովմասեանի եւ Արման Մալոյեանի հետ։ Հարցազրոյց ունեցանք նաեւ պետական ձայնասփիւռի կայանի ,Կամուրջե ծրագրին վրայ։ Հանդիպեցայ Թամարա Գէորգեանի հետ, որ հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան ,Հասարակական Կարծիքի Ուսումնական Կեդրոնիե տնօրէնն էր։ Կը փափաքէր ծրագիր մը սկսիլ, թէ ինչպէս Հայաստանը աւելի լաւ կրնայ օգնել Սփիւռքին։
Հրաւիրուեցանք նաեւ երկու օր, Յուլիս 31էն մինչեւ Օգոստոս 1, Ծիծեռնակաբերդի մէջ մասնակցելու Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Գիտաժողովի։ Շատ բան սորվեցանք։
Օգոստոս 48ին, Աղվերանի մէջ ներկայ եղայ նաեւ Կրթութեան ու Գիտութեան Նախարարութեան Կազմակերպած Կրթական 6րդ Գիտաժողովին։ Երկու տարին անգամ մը կ՛ըլլայ եւ ես առաջին երկուքին ներկայ եղած էի։ Մեծ թիւով տնօրէններ եւ աւագ Ուսուցիչներ ժամանած էին։ Հաճելի էր հին բարեկամներ տեսնել։ Առաջին գիշերը պատիւը ունեցայ սենեակակից ըլլալու շատ ազնիւ տիկին Ռուպինա Փերումեանին եւ մնացեալ գիշերները, ընկերուհիիս՝ Անի Ֆիշենկճեանի հետ։ Շատ հաճելի եւ շինիչ գիտաժողով էր։ Ծանօթացանք դասագիրքերու հեղինակներու։ Ըմբոշխնեցինք երիզներ պատրաստուած Արտակ Մովսիսեանի կողմէ։ Հալէպէն եւ Պէյրութէն եկող տնօրէնները խօսեցան իրեց վարժարաններուն մասին։
Այս եօթը շաբաթները շատ յոգնեցուցիչ, սակայն հրաշք օրեր էին։
Շնորհակալութիւն կը փափաքիմ յայտնել Կրթութեան ու Գիտութեան Սփիւռքի բաժնի պատասխանատուներուն՝ ինծի շատ սիրելի Նունէ Վարդանեանին, Ամալիա Քոչարեանին ու Թամարա Զալինեանին, որ ոչինչ խնայեցին մեր կեցութիւնը Հայաստանի մէջ շինիչ ու հաճելի դարձնելու։ Ուրախ ենք, որ Կրթութեան ու Գիտութեան Նախարարութիւնը վերապատրաստման հեռակայ ծրագիր մը պիտի սկսի։
Սփիւռքի Նախարարութիւնն ալ քանի մը տարի է սկսած է Սփիւռքէն հայ ուսուցիչներ վերապատրաստելու հրաւիրել։ Կրթութեան ու Գիտութեան Նախարարը այցելեց մեր դասարանները եւ մենք փոխանցեցինք մեր մտահոգութիւնները։
Երբ մեր վկայագրերը կու տային միամսեայ վերապատրաստումէ ետք, կամ Ցեղասպանութեան դասընթացքէ ետք, մեզի ըսին, որ հիմա երբ ձեր երկիրները վերադառնաք, ձեր վարժարաններու պատասխանատուները որքան պիտի գնահատեն ձեզ: Դասընկերս՝ Մանուկը, որ Հալէպ զանազան Ազգային պատասխանատու պաշտօններ վառած է, ըսաւ Նայիրի, հիմա երբ վերադառնաս, պիտի երթաս զիկոյց տա՞ս։ Ըսի Մանուկ, այդպիսի բան չկայ։ Ընդհանրապէս ոչ մէկուն հոգը չէ։ Հայ ուսուցիչը իր ծախսերով կþերթայ վերապատրաստուելու, որպէսզի իր առաքելութիւնը աւելի լաւ կատարէ։
Սիրելի Հայ Ուսուցիչ, Վարձքդ Կատարե։ Տէրը հաստատ պահէ առաքելութեանդ մէջ։
Ֆիլատելֆիա
The post ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ.- ԵՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱՑԻ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.