Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

ՊԱ­ՏԱ­ՆԻ ՆՈՐ ՏԱ­ՂԱՆԴ­ՆԵՐ ԵՐԱԺՇ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԷՋ

$
0
0

young1ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Հո­գե­պա­րար երե­ւոյթ էր ներ­կայ գտնուիլ Դեկ­տեմ­բեր 1, 2013, Կի­րա­կի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 1ին, Նիւ Եոր­քի Գար­նը­կի Հօ­լի “Ուէյլ“ հա­մեր­գաս­րա­հը, ուր 5րդ յա­ջոր­դա­կան տա­րին ըլ­լա­լով, ամե­րի­կա­հայ պա­տա­նի տա­ղանդ­ներ կը մաս­նակ­ցէ­ին աւար­տա­կան մրցան­քի երաժշ­տա­կան հա­մոյ­թին:  Անոնք իրենց տա­ղան­դո­վը կը ներ­կա­յա­նա­յին հան­րու­թեան: Պա­տա­նի ու­ժեր, որոնք պի­տի դառ­նան վաղ­ուա՛ն  հպար­տու­թիւնը մեր դա­րա­ւոր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան:

Տոքթ. Սվետ­լա­նա Ամիր­խան­եա­նի գլխա­ւո­րած “Ու­ղիղ Օգ­նու­թիւն Հա­յու­թեան“ խմբա­ւո­րու­մին նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է այս ամէ­նամ­եայ հա­մեր­գը, որուն ցարդ մա­նակ­ցած են 300է աւե­լի պա­տա­նի­նի­ներ‘ եր­գով թէ երաժշ­տա­կան գոր­ծի­քով:  Ան­նա­հանջ ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին ար­քա­սիքն է ան­կաս­կած տար­ուէ-տա­րի յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած այս օգ­տա­կար ծրա­գի­րը: young10

Թէ­եւ գոր­ծա­դիր մար­մի­նը կը բաղ­կա­նայ երեք հոգիէ նե­րա­ռե­լով նա­եւ Մա­րի­նա Պաղ­տա­սա­րո­վան ու Ան­ժե­լա Քա­զար­եա­նը, սա­կայն ու­նի Պա­տուոյ Մար­մին մը, ուր բո­լոր­ուած են ամե­րի­կա­հայ ծա­նօթ ար­ուես­տա­գէտ­ներ, բա­րե­րար­ներ ու ազ­գա­յին­ներ` Լու­սին Ամա­րա, Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եան, Շա­հան Արծ­րու­նի, Նա­յի­րի Չե­քոս­քի-Պալ­եան, Ռի­թա Պալ­եան, Զար­մի­նէ Պօ­ղոս­եան, Հրանդ Կիւլ­եան, Տոքթ. Կա­րէն Կա­կոս­եան, Կիլ­տա Քիւ­բել­եան, Ար­տե­միս Նա­զար­եան, դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եան, Հե­րի Թու­ֆայ­եան եւ Յա­կոբ Վար­դի­վառ­եան: Այս մարմ­նին կող­քին կայ դա­տա­կան յանձ­նա­խումբ մը:

Այս տար­ուան հա­մեր­գը նուիր­ուած էր ան­մա­հա­նուն երա­ժիշտ Արամ Խա­չա­տուր­եա­նին, անոր ծննդեան 110ամ­եա­կին առ­թիւ: Հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­ծան­քը եղող Խա­չա­տուր­եան կրցաւ հայ երաժշ­տու­թիւնը լսե­լի դարձ­նել մե­ծա­գոյն հա­մեր­գաս­րահ­նե­րու թէ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­րան­նե­րէն: Անոր գոր­ծե­րը կը պա­հեն երէ­կի իրենց նո՛յն թար­մու­թիւնը եւ ար­դէն վար­պե­տը ան­ցած է մեծ դա­սա­կան­նե­րու հա­րուստ ըն­տա­նի­քէն ներս:

young4  10 տա­րե­կա­նէն մին­չեւ 18 տա­րե­կան հայ պա­տա­նի­նե­րու կող­քին մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ ոչ հայ (իտա­լա­ցի, քո­րէ­ա­ցի, ռուս, իր­լան­տա­ցի, լի­բա­նան­ցի ծնուն­դով) տա­ղան­դա­ւոր ու­ժեր, որոնք նուա­գե­ցին Խա­չա­տուր­եա­նի գոր­ծե­րէն (Նի­քօ Քա­րե­րա` “Լեզ­քին­կա“ն, Ան­սել Չանկ` “Վալ­սը Իվա­յի ար­կա­ծախնդ­րու­թե­նէն“, Զօ Փի­ան-Չո­տու­րի` “Թանց“, Իրեն Վիլ­կո­րին` “Թո­քա­դա Պի ֆլեթ մայ­նըր“) եւ եր­գե­ցին  ժո­ղովր­դա­կան “Աղ­բիւ­րի մէջ“` Ճուլ­իա Գա­մինկ: Մայ­քըլ Խու­րի սքան­չելի­օ­րէն ու ապ­րու­մով դաշ­նա­կի վրայ նուա­գեց ամե­րիկ­եան ճէ­զէն ի մի բեր­ուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը:

young6  Բայց, այս բո­լո­րով մէկ պէ՛տք ենք յի­շել մաս­նա­ւո­րա­բար Դա­ւիթ Ան­թապ­եա­նը, որ սքան­չա­ցուց ներ­կա­նե­րը Խա­չա­տուր­եա­նի “Սօ­նա­թա“ով, Անի Մու­րատ­եա­նը` Պա­պա­ջան­եա­նի “Թո­քա­թի­նա“ով Լու­սին Միւ­սա­յէլ­եա­նը` Կո­մի­տա­սի “Կռունկ“ով, Հայկ Յով­սէփ­եա­նը` Սար­տար­եա­նի “Հայ­կա­կան էս­քիզ­ներ“ով, Մա­րի­նա եւ Իվա Քա­զար­եան­նե­րը Քոհ­լե­րի “Տհը Ուան­տե­րըր“ով եւ դեռ աւե­լի երի­տա­սարդ­նե­րը` Ալին եւ Նի­քոլ Խրիմ­եան­նե­րը, Վա­հէ Մու­րատ­եա­նը, Ամալ­իա Շա­հին­եա­նը, Դա­ւիթ Յով­հան­նիս­եա­նը …:

Ջու­թա­կա­հար Տի­ա­նա Վա­սիլ­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ պա­տա­նի ջու­թա­կա­հար­նե­րը` եօ­թը հո­գի` ներ­կա­յա­ցու­ցին Օֆ­ֆէն­պա­խի “Գան­գան“ը եւ Պա­պա­ջան­եա­նի “Յի­շա­տակ­ներ“ը, զար­մաց­նե­լով ներ­կա­նե­րուն:

Տօ­նա­կան օրե­րու նուէր մըն էր որ մե­զի նուի­րե­ցին այս մեր նո­րա­հաս տա­ղանդ­նե­րը: Այդ մթնո­լոր­տով ալ հա­ւաք­ուած ներ­կա­նե­րը, ան­գամ մը եւս հո­գե­պէս հարս­տա­ցած, վե­րա­դար­ձան տուն:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը, հայ­րե­նի­քէն մղոն­ներ հե­ռու, կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը: Ին­չո՞ւ անոնք հո՜ս “օտա­րա­մա­յի ճամ­բէ­քի վրայ“ կ’ապ­րին արդ­եօք:

Մե՜ղք մեր ձրուած տա­ղանդ­նե­րուն: Հա­զա՜ր մեղք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

Trending Articles