ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան նիստին մասնակցելու համար, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Երեւանի պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջելով, ժամանումէն առաջ իսկ սկսած է կատարել յայտարարութիւններ: Արդարեւ, Սասունցի Դաւիթի եւ անոր զաւակներուն եւ ժառանգորդներու երկիրը ժամանելու նախօրեակին, Տաւութօղլու կը շեշտէ թէ Կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս, Թուրքիա մտերմիկ յարաբերութիւններ ունի Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի հետ, եւ թէ միակ բացական Հայաստանն է, որուն հետ անշուշտ անտեղի է կրկնելը թէ, սահմանները կը մնան փակ:
Աւելին, Տաւութօղլու ընդարձակելով իր գործունէութեան դաշտը, թէ նմանօրինակ բացակայութիւն` ներկայութեան վերածելու համար, պայման է, որ Հայաստան յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Դեռ աւելի ինքզինքին տարածաշրջանային յաւելեալ պարտաւորութիւններ տալով, ան յայտարարեց թէ, վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած եւ ուժեղացած ղեկավարներու գոյութիւնը, Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայմաններ սկսած է ձեւաւորել:
Դարձ-դարձիկ յայտարարութիւնները շարունակելով, ան անգամ մը եւս, մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ, շեշտած է թէ Թուրքիոյ ցանկութիւնն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոն յարաբերութիւններու ստեղծումը եւ անշուշտ ապագայի տեսլականն է, Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը, որուն կարեւորագոյն թնճուկը` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու եւ հողային հարցերու լուծումն է:
Շարունակելով իր քաղաքական ճկունութիւնն ու լեզուամարզանքը, Տաւութօղլու ամենայն “սրտբացութեամբ“ շեշտած է թէ Թուրքիոյ հանդէպ Հայաստանի ունեցած անվստահութիւնը պէտք է յաղթահարուի…սակայն առանց անտեսելու Պաքուի “օրինական պահանջներ“ը…իր հողերուն քսան առ հարիւրը (այսինքն Արցախը) բռնագրաւուած ըլլալով:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը անգամ մը եւս կ՛ուրանայ պատմութիւնը, իսկական պատմութիւնը …սկսելով Հայոց Ցեղասպանութիւն կոչեցեալ հպարգելքէն, եւ այդ ալ հարիւրամեակի սեմին, ուր ցայսօր Անգարա երբեք դրական մօտեցում չարտայայտեր… ո՛չ ճանաչման եւ բնականաբար, ո՛չ ալ հատուցման առնչութեամբ:
Տաւութօղլու կը ժամանէ այն քաղաքը, ուր կը գտնուի ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը…Նաեւ ութերորդ դարաշրջանին պատմութիւն կերտած ազգային հերոս Սասունցի Դաւիթի արձանը: Այս վերջինին զաւակներուն համար, որքա՜ն վրդովեցուցիչ հողաշերտերու առուծախի մասին խօսիլ… քան ճանաչման ու հատուցման: