Հալէպահայութիւնը կորսնցուց հաւատաւոր անդամներէն` Առաքել Թէրզեանը, որ մահացաւ Դեկտեմբեր 6, 2013ին, Հալէպի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Այս առթիւ, արդէն իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գուժած էին մահը, յատուկ ցաւակցականներով: Ստորեւ, այս գրութիւնը, ի յիշատակ լուսահոգի ընկերոջ:
*
Հալէպահայ գաղութն ու համայն Հ.Յ.Դ կազմակերպական կառոյցի ընկերները, հարազատներն ու բարեկամները, սրտի խոր կսկիծով ընդունեցին յետ երկարատեւ հիւանդութեան մահուան գոյժը գաղափարի ընկեր` Առաքել Թէրզեանի, որ տասնամեակներ շարունակ գործեց, իբրեւ գաղափարական կուռ հաւատքի եւ անսակարկ նուիրումի փարոս, առաջնորդելով իրերայաջորդ սերունդներ դէպի ազգին ու Ազգային Դատին նուիրաբերելու ազնիւ հանգրուան:
Հալէպահայ գաղութի ազգային կեանքին սպառնացող մերթ ամպամած երկինքն ու մերթ փոթորկալից հողմերը, չկրցան խափանել 1960-ական թուականներէն սկսեալ ընկ. Առաքելի ճառագայթող աստղի լոյսը իր շրջապատէն: Պատնէշի վրայ էր ընկ. Առաքել իր նման փոքրաթիւ “խենթերով“ երբ գաղութը վաթսունական թուականներուն, եւ ի հեճուկս քաղաքական ճնշումներուն եւ պատժամիջոցներուն, պէտք ունէր “խենթերու“ վերակազմակերպուելու եւ վերականգնելու գաղութի երբեմնի աշխոյժ կազմակերպական կեանքը: Եւ ահա ընկ. Առաքելը պատանիին հետ պատանի եւ երէցին հետ երէց լծուած էր, լուսարձակներէ հեռու, տենդոտ աշխատանքի արհամարելով իր անձին եւ անձնական բարօրութեան սպառնացող ամէն վտանգ:
Երիտասարդ սերունդին մէջ ազգին, գաղութին եւ գաղութային հաստատութիւններուն վառ ապագան տեսնող դպրոցին պատկանող եզակիներուն մէջ եզակի էր` երիտասարդութիւնը ազգային-գաղութային կեանքին ներգործօն մասնակցութեան լծելու իր անդուլ ճիգերով, հայրաբար կշտամբելով գաղութային կեանքի վարչական առօրիային հետ անմիջականօրէն չ՛առընչուելու այլ` առաջին հերթին ինքնապատրաստմամբ պարապելու, երիտասարդութեան մօտ մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող եւ զուտ իտէալական մօտեցումներէ բխած դրսեւորումները: “Եթէ այսօրուան ազգային հաստատութիւններն ու կառոյցները չէք ներառած ձեր աշխատանքի ծիրին մէջ եւ ձեր գիտութիւնն ու հմտութիւնները չէք ընծայաբերեր անոնց, հապա ի՞նչ բանի պէտք պիտի ըլլան ձեր ամբարած գիտելիքները: Իսկ եթէ այսօր պատրաստ չէք մատուցելու ձեր ծառայութիւնները, ուրեմն ո՞ր օրուան համար կը պատրաստուիք“ կ՛ըսէր ընկ. Առաքել, աւելի քան քառասուն տարի առաջ, խօսքը մեզի ուղղելով, ձայնին տալով ուղղիչ, դաստիարակիչ եւ միաժամանակ փաղաքշական հնչիւն: Պարզ ու յստակ էր ընկ. Առաքելի պատգամը: Գործի բովէն անցնող եւ համատեղ ինքնապատրաստութիւն, կատարելագործում եւ կայացում կը պատգամէր ընկ. Առաքել երիտասարդ սերունդին:
Հաւատքի ներշնչարան էր բոլորին: Իր ներկայութեան հանգիստ կը զգայինք, ապահով կը զգայինք, աւելի ինքնավստահ կը զգայինք ու այդ բոլոր դրական զգացումներու փոխազդեցութեամբ, միութեամբ ու ներգործութեամբ մեր սրտերն ու հոգիները կը լեցուէին անդուլ ու անխոնջ ինքնանուիրումի ու խոնարհ ծառայութեան անզուսպ խոյանքով: Վարակիչ էր ընկ. Առաքելի հաւատքը իր պաշտած գաղափարախօսութեան եւ սէրը հայ ժողովուրդին: Ամէն ինչ կարելի էր ընկ. Առաքելին համար: Պէտ՛ք է ըլլար կարելի որովհետեւ անկարելին գոյութիւն չունէր իր բառապաշարին մէջ: “Միայն հաւատքի եւ կամքի բացակայութեամբ ազգին գործերը կրնան դատապարտուիլ ձախողութեան“ կ՛ըսէր ընկ. Առաքել: Իսկ հաւատքի եւ կամքի բացակայութիւնը բացառուած էր ընկ. Առաքելի անմիջական շրջապատին:
Հայր էր եւ եղբայր առանց խտրութեան բոլորին` որոնց հետ առընչուեցաւ: Սեփական ժողովուրդի յոյսերով եւ յոյզերով տարուած երիտասարդութեան ամբողջ փաղանքի մը հաւատքն ու անսակարկ նուիրումի կիրքը դարբնուեցաւ ընկ. Առաքելի շունչով եւ գաղութային կեանքին իր հանապազօրիայ եւ ներգործօն ներկայութեան օրինակով:
Ընկ. Առաքելին համար բեմերն ու շքանշանները արժէքներ չէին: Անոր համար մնայուն արժէքը բեմի հարթակներէն հեռու, պատուի ու շքանշանի շլացնող լոյսերէն հեռու, անխոնջ աշխատանքէն փխած անսակարկ նուիրումի եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնն էր, որ կրցաւ յաջորդական սերունդներուն մէջ լաւագոյնս սերմանել:
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2013-ին, Հալէպահայ գաղութը եւ բոլորս կորսնցուցինք եւս մէկ ընկեր, որ Ռուբեն Տէր-Մինասեանի Արտամէտեան խնձորի օրինակով կը պատկանէր յար եւ նմանը չունեցող սերունդի մը որուն շատ բան կը պարտինք բոլորս:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, կուռ հաւատքի եւ պողպատեայ կամքի ռահվիրայ սիրելի՛ երէց ընկ. Առաքել Թէրզեան:
Սգակիր` Մուրատ Մանուկեան
mouradmanoukian@yahoo.com
Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց
Միացեալ Նահանգներ
(Դեկտեմբեր 10, 2013)