ԹԱԹՈՒԼ ՍՈՆԵՆՑ-ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ինչքա՜ն շուտ անցան համայն մարդկութիւնը ցնցող, աննկարագրելի նախճիրներով աշխարհը այլակերպած մօտ տասը տասնամեակները, որոնք արդէն իսկ հասցուցած են մեզ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին սեմին: Հայասպանութեան այդ աննախընթաց ոճիրը, որ աշխարհով մէկ ցրեց մարդկային ստեղծագործ մտքին մի քանի հազարամեակ յամառօրէ՛ն ծառայած ազգի մը տարաբախտ զաւակները – մահասփիւռ ոճիր մը, որ միաժամանակ ծնունդ տուաւ մերօրեայ, վերապրումի անդոհանգով տառապող, հայ սփիւռքին:
Յետադարձ ակնարկներու շարանը մեզ կը տանի ետ, դէպի նախա-Եղեռնեան ոստանները` ուր հայ ժողովուրդը, որպէս երկու յետամնաց կայսրութիւններու երկարամեայ շինարար բաղկացուցիչ տարր , հակառա՛կ բռնատիրական բիրտ սեղմումներու, կերտե՛ց իր մշակութային եւ ընկերային վերածնունդը եւ մտաւ քսաներորդ դարու քաղաքական կրկէս` անկաշկա՛նդ ազգային լինելիութեան իր տեսլականով — անհասանելի թուող երազ մը` որ զինք տարաւ յաղթանակներու եւ դաժան պարտութիւններու գագաթներն ու անդունդները:
Եղեռնի տառապալից երկունքին առաջնահերթ ծնունդներ` Միջին Արեւելքի մեր գաղթօճախները — մօտիկ անցեալին դեռ ծաղկող ոստաններ — այսօր նօսրացած շարքերով, իրենց երկար ու բեղուն անցեալի յուշերով կ՛ապրին: Յիսունական ու վաթսունական թուականներու այսօ՛ր իսկ շարունակուող արտագաղթերու ճամբով մայր հայրենիքէն հեռացող բազմութիւններու կողքին, անոնք տուին եւ կուտան այսօ՛ր իրենց արմատախիլ արգասիքը` մերուելով Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի հին թէ նոր գաղթօճախներու հետ:
Քսանըմէկերորդ դարու սանձարձակ դրամատիրական մարդակեր կենցաղին յատուկ սրնթաց աշխատելաձեւով, հայրենախոյս այս նորեկները գործի անցան ու կ՛անցնին Սփիւռքի գունատ ծառը մեր հինաւուրց մշակոյթին մշտադալար աւիշով պատուաստելու պատրանքով: Ամու՛ր կը թուին ըլլալ արտաքնապէս հաստաբուն այդ ծառին արմատները. արդարեւ, անոր արգասիքին նմոյշներն են սփիւռքահայ մշակոյթի ու գրականութեան արձագանգ հանդիսացած, ներկայիս օր ըստ օրէ տժգունող բազմալեզու օրաթերթերն ու այլազան հանդէսները, ծնող, ծաղկող ու պտղաբերելէ առաջ թառամող ուսումնարաններն ու մշակութային տատանուող հաստատութիւնները:
Կասկած չկայ, թէ ժողովուրդի մը ազգային հարստութիւններէն ամենաթանկագինը մայրենի լեզուն է: Փոքր է թիւը այն ազգերուն որոնք, Հայոց նման, ունին իրենց իւրայատուկ լեզուն ու այբուբենը: Եւրոպայի, Ամերիկաներու, Ափրիկէի եւ այլ ցամաքամասերու այլազան ազգութիւնները, մեծաւ մասամբ, կը գործածեն լատինական կամ արաբական տառերը, յաճախ եւ նո՛յն լեզուն` փոքր տարբերութիւններով. Ֆրանսերէնը, Սպաներէնն ու, մանաւա՛նդ, Անգլերէնը այսօր կը գործածուին որպէս մա՛յր լեզու բազմաթիւ ցեղային ու մշակութային խոր տարբերութիւններ ցուցաբերող ժողովուրդներու կողմէ: Որքա՛ն ալ անկախ ու տարբեր ուրիշներէ, առա՛նց հարազատ լեզուի, դժուա՛ր թէ այդ ժողովուրդները կարենան ունենալ ա՛յն տոհմային իւրայատուկ ինքնագիտակցութիւնն ու ներաշխարհը որ ունին հայերը, յոյները, վրացիները, հրէաներն ու սակաւաթիւ այլ ազգեր` իրենց բնորոշ լեզուով ու տառերով:
Լեզուն ու տառը ո՛չ միայն խօսք են ու գրականութիւն այլ նաեւ երգ ու երաժշտութիւն, քանդակ, նկար ու ճարտարապետութիւն. ազգի մը հոգեկան ու ստեղծագործական դիմագիծը — ա՛յն ինչ որ ազգային մշակոյթ կը կոչենք — ծնունդ կ՛առնէ ու կը զարգանայ հայրենի բնավայրէն ծնած ու սնած հարազա՛տ լեզուի հնչիւնէն ու պատկերացումէն, արտասանուած բառէն ու քանդակուած տառէն:
Վտարանդի հայութեան ներկայ աշխարհագրական տարածքը, վերոնշեալ արտագաղթերու որպէս արդիւնք, հասած է օր ըստ օրէ փոքրացող մեր երկրագունդին գրեթէ բոլոր անկիւնները: Արդաեւ, ինչպէս որ իրաւացիօրէն կարելի էր ըսել ԺԹ դարու Բրիտանական կայսրութեան պարագային, այժմ կարելի է իրաւա՛մբ ըսել` թէ ներկայիս, արեւը մար չի՛ մտներ հայկակա՛ն Սփիւռքի տարածքին: Համաշխարհային այս նոր իրադրութեան սահմաններուն վրայ բացուող անծանօթ հորիզոններու մարտահրաւէրը եւ անհարազատ կենցաղներու ներթափանցումը օտարանիստ մեր ոստաններուն մշակութային յաճախ դիւրաբեկ ամրոցներէն ներս, նորանոր պարտաւորութիւններ կը դնեն մերօրեայ հայ մտաւորականութեան վտիտ ուսերուն: Այս համապարփակ սահմանները կ՛ընդգրկեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ապրող ու ստեղծագործող մեր ժողովուրդը` որուն առջեւ ցցուող բազմաթիւ հրատապ հարցերէն մէկն ալ լեզուակա՛ն հարցն է. ա՛յն լեզուն որ այսօր մեսրոպեան տառերով գրուելով հանդերձ կը մեղանչէ մեսրոպեան ուղղագրութեա՛ն դէմ. ա՛յն լեզուն, որ ամենահզօր կապը պիտի հանդիսանար երկիր-արտերկիր մեր յարաբերութիւններուն մէջ եւ որ այժմ, աւաղ, միայն թարգմանաբար կարող է երեւալ մեր լրատուական ու գրական հրատարակութիւններուն մէջ, բարդացնելով հայ լեզուի ուսուցման եւ ընկալման հրատապ հարցը, խորացնելով Հայրենիք-Սփիւռք խրամատը` որ ներկայ քաղաքական իրադարձութիւնները, սպառնալով Հայաստանի իրաւացի անկախութեան, աւելի՛ եւս կը հեռացնեն համահայկակա՛ն ծրագրաւորումներու տեսլականն ու կարելիութիւնները:
Սփիւռքի հայատառ մամուլի միաւորները, արդէն իսկ կը գիտակցին հայագիտութեան ու հայախօսութեան օր ըստ օրէ աւելի շեշտուող տժգունացումը: Նոյն իսկ վերջին յիսնամեակին Գանատայի ու Ամերիկայի հայկական դպրոցներէն շրջանաւարտ մի քանի սերունդները — քիչ բացառութիւններով — չտուին հայ գիրով ու գրականութեամբ հետաքրքրուող ու զբաղուող անհատներ` որոնցմով կարելի ըլլար գէթ հայերէն ընթերցողներու՛ քանակը պահել այս օտար ափերուն: Պատկերը աւելի քան տխուր է Եւրոպայի տարածքին, իսկ Միջին արեւելքի անցեալ փայլքը հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս` նոյնպէս կը շարունակէ տժգունիլ` դէպի արեւմուտք արտագաղթի անբուժելի արիւնահոսութեան հետեւանքով:
Այսուհանդերձ, յուսալքիչ այս հեռանկարին վրայ կան նաեւ լուսաւոր երեւոյթներ` յուսադրիչ` իրենց նորանոր կարելիութիւններով: Անժխտելի է, օրինակ, այն հոգեփոխութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ օտար երկնքի տակ ծնած ու մեծցաց երիտասարդներու մէջ որոնք Հայաստան այցելած են ու կ՛այցելեն հաղորդուելով հայրենիքի ու հայ լեզուի առինքնող իրականութեան հետ — ո՛չ որպէս հինուց եկած աւանդ` այլ որպէս ներկա՛ն ու ապագա՛ն ցոլացնող գործնական, կենսունակ ու հարազատ ինքնութեան արտայայտութիւն: Այս երիտասարդներուն մէջ, օտարին հրապոյրը, որուն կախարդանքով ապրեցան ու գործեցին իրենց տարեցներէն շատերը, չունի՛ այլեւս նոյն հմայքը: Այս երեւոյթը, առաւել եւս կը շեշտէ հայրենի հողին ու լեզուին անփոխարինելի դերը եթէ Սփիւռք եւ Հայրենիք պիտի շարունակեն գոյատեւել որպէս մէ՛կ ազգութիւն եւ մէ՛կ մշակոյթ` հարու՛ստ իր անցեալ ու ներկայ տարբերակներով — այնքան ատեն որ անոնք հարազա՛տ կը մնան իրենց պատմական ակունքին:
Հայ ինքնութեան յստակ եւ առողջ ընկալումով գօտեպնդուած, պահելով մեր խռոված լաւատեսութիւնը անստոյգ ապագայի հանդէպ, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մեր մտաւորականութիւնը եւ անոր արձագանգ հանդիսացող մեր մամուլն ու հրատարակութիւնները պարտին իրատեսօրէ՛ն մօտենալ մեր ներկայ ու ապագայ սերունդներուն հոգեկան ու մշակութային կարիքներուն գոհացման: Հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը, դեռ երկար ժամանակ, պիտի ապրի ու գործէ օտար մշակոյթներու կողքին, ջանալով միաժամանակ պահել իր մայրենի լեզուին զգացական ու գործնական գերակայութիւնը` որպէս սփիւռքահայ աշխարհացրիւ ոստաններու Lingua Franca-ն — միջ-հայկական յարաբերութիւններու անփոխարինելի ու առաջնահե՛րթ միջոցը: Նոյն ատեն, պիտի չվախնանք օտար մշակոյթներու հետ սերտօրէն յարաբերուելէ. մեր հազարամեակներ կտրած լեզուն ու մշակոյթը, վերանորոգ, կրնան անվախօրէն չափուիլ օտար ամենայառաջադէմ քաղաքակրթութիւններուն հետ: Այդ յարաբերութիւններու սերտացման մէջ, նաեւ մեծ դեր ունի կատարելիք թարգմանակա՛ն գրականութիւնը, առաջին հերթին, ծանօթացնելով հայ գրողներն ու գրականութիւնը ո՛չ-հայախօս հայ թէ օտար հասարակութեան, ուսումնական կեդրոններու եւ մատենադարաններու:
Այս ուղղութեամբ, Սփիւռքի հայ մամուլին ու գրականութեան ծառայող անհատ թէ հաստատութիւն – որքա՛ն ալ փոքրաթիւ կամ անսուաղ – հաւատքի ու յամառ ճգնութեան իրականութիւն մըն է որ կը հիմնաւորեն հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմող, վերապրումի ամենօրեայ անդոհանքով ապրող Սփիւռքահայութեան ինքնագիտակցութեան մէջ` որպէս գրաւական` վտարանդի հայ ստեղծագործ մտքի կենսունակութեան, ու ապագայ նորանոր հոգեկա՛ն նուաճումներու կարելիութեան: