Խմբագրական
Սպիտակ Տան մօտակայքն ալ նշուեցաւ Արցախի ազատագրական շարժման 25-ամեակը:
Արդարեւ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Քոնկրէսի շէնքէն ներս, մեծ շուքով նշուեցաւ այս յատուկ հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Արցախի երիտասարդական հարցերու եւ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեան մանրմասնօրէն ներկայացուց իրավիճակը, պարզաբանելով թէ ինչպիսի՞ պայմաններու տակ, այդ յարատեւ պայքարի քառորդ դարն արդէն իսկ թաւալած է:
Մշակոյթի նախարարը ժամանած էր` Քոնկրէսի “Քենըն“ շէնքը, յաւելեալ տեղեկութիւն փոխանցելու, տեղեկացնելու համար թէ Արցախցիին բարձրացուցած զէնքը երբեք ծայրայեղութեան մակարդակի չէ հասած: Ընդհակառակը, այդ հետեւողական ճնշումներու արդիւնք, ազդանշանը տրուեցաւ Արցախահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամրապնդող ազգային¬ազատագրական պայքարին: ՊԱՅՔԱՐ մը, որ լաւապէս կազմակերպուեցաւ եւ ցայսօր ալ կը շարունակուի:
Փետրուար 1988-ին թափ առած Արցախեան պահանջատիրութիւնը, հակառակ առաջին իսկ քայլերէն իրաւական ուղիով յառաջանալու իր հաստատակամութեան, շարունակ հարուածի եւ բռնի ճնշումի տակ առնուեցաւ ազերի ղեկավարութեան կողմէ: Նոյնիսկ անմեղ Արցախցիի խաղաղ բողոքի հաւաքներուն‘ Ատրպէյճան շարունակ պատասխանեց անբացատրելի վայրագութիւններով: Մայր Հայաստանին վերամիանալու Արցախցիի պահանջներուն` Ատրպէյճան պատասխանեց Սումկայիթի ջարդը գործադրելով:
Առ այդ, տեղին էր նախարարին նշումը` Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Թոմըս Ճեֆըրսընի մէկ եզակի խօսքին.- “Ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ, բացի ժողովուրդներու բնական իրաւունքներէն“: Եւ այդպէս ալ, յարգելով բոլոր միջազգային պայմանները, Արցախեան պահանջատիրութիւնը հետեւողականօրէն պահպանեց իրաւունքի եւ օրէնքի հունով յառաջանալու իր ողջմտութիւնը:
Միւս կողմէն, Պաքուի կողմէ մտածուած ու գործադրուած հակահայ կոտորածներն ու փոկրոմները ոչ միայն յաւելեալ բոց մըն էին այլ նաեւ խթան` յաչս Արցախահայութեան պայքարունակութեան: Այսպէս, հերոսական Արցախցին` Պապիկ, Մամիկ…բոլորը միասնաբար` զէն ի ձեռին ինքնապաշտպանութեան օրհասական կռիւ մղեցին ակն ընդ ական, սակայն երբեք չխախտելով օրէնքներուն եւ միջազգային իրաւունքին սահմանած շրջագիծին մէջ ընդգծուած ռազմավարութիւնն ու գործունէութեան ոճը:
Մնացեալը Արցախի ազատագրման պատմութեան ոսկի էջերն են: Եւ քանի մը տարի ետք, Արցախի հայութիւնը, ընտրելով ազատագրական իր պայքարով` գերագոյն զոհաբերութեամբ նուաճուած ազգային ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրելու իրաւական ուղին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց, ժողովրդավարական չափանիշներով, աննախընթաց հանրաքուէն եւ տիրացաւ իր անկախութեան: