Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

“ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ“

$
0
0

 

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Դաշ­նակ­ցու­թեան սփիւռք­եան կեն­սա­փոր­ձով բիւ­րե­ղա­ցած եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեծ հնչե­ղու­թիւն ստա­ցած է “ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար“ նշա­նա­բա­նը:
Այդ վար­քա­գի­ծը առա­ւե­լա­գոյնս ար­մա­տա­ւոր­ուե­ցաւ յատ­կա­պէս Լի­բա­նա­նի մէջ, որուն պե­տա­կան հա­մա­կար­գը խարսխ­ուած է հա­մայն­քա­յին լի­ար­ժէք ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եւ լի­բա­նան­եան պե­տու­թիւնը բաղ­կաց­նող գլխա­ւոր հա­մայնք­նե­րու, այդ շար­քին եւ հայ հա­մայն­քի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան լի­ի­րաւ մաս­նակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րուն վրայ:
Լի­բա­նա­նա­հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ, եր­կար տաս­նամ­եակ­նե­րու վրայ մղուած խորհր­դա­րա­նա­կան թէժ ընտ­րա­պայ­քար­նե­րու ար­գա­սի­քը եղան մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քա­կան կամ­քը զօ­րա­շար­ժի մղե­լու եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ներ­կա­յաց­նե­լու Հ.Յ.Դ. անե­րեր յանձ­նա­ռու­թիւնն ու վճռա­կա­նու­թիւնը:

Սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հետ ըլ­լա­լու եւ ի՛ր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար պայ­քա­րե­լու ուղի­էն տար­բեր ընտ­րանք չէր կրնար ու­նե­նալ – եւ չու­նե­ցա՛ւ – Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, որ Հ.Յ.Դ. Ծրագ­րով իսկ` “Իր բո­լոր ու­ժե­րով կը պայ­քա­րի հայ ազ­գի քա­ղա­քա­կան-տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին-մշա­կու­թա­յին բո­վան­դակ շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար“:

Գա­ղա­փա­րա­կան ներշնչ­ման մնա­յուն եւ մշտա­նո­րոգ այդ աղ­բիւ­րը առաջ­նոր­դած է հայ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին հա­մա­հայ­կա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­մը` Հ.Յ.Դ. հիմ­նադ­րու­թեան անդ­րա­նիկ “Մա­նի­ֆեստ“ի ժա­մա­նակ­նե­րէն իսկ:

“Ժո­ղո­վուր­դը ի՛նք սկսած է կռիւը“ պատ­գա­մե­լով` քրիս­տա­փոր­նե­րը իրենց գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ ան­մար խա­րոյ­կի վե­րա­ծե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ազա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մէն, ապա եւ Լե­նին-Քե­մալ մեղ­սակ­ցու­թեամբ Ազատ, Ան­կախ եւ Մի­աց­եալ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կռուա­նի խոր­տա­կու­մէն ետք նո­րո­վի թափ առաւ այդ շար­ժու­մը: Տա­րա­գիր հա­յու­թեան հետ տա­րա­գիր դար­ձած Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, գա­ղա­փա­րա­կան մի­եւ­նոյն ներշն­չու­մով` “ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար“ նշա­նա­բա­նով, յա­ռաջ մղեց Հայ­կա­կան Սփիւռ­քի ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման եւ հա­մազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման պայ­քա­րը` եկե­ղե­ցի, դպրոց եւ ակումբ եռա­սիւ­նին վրայ բարձ­րաց­նե­լով հա­յա­պահ­պան­ման սի­զիֆ­եան պայ­քա­րը:

Տար­բեր չէր ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը 1988ի Օգոս­տո­սին գու­մար­ուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի պատ­մա­կան կո­չին, որ հայ­րե­նի հա­յու­թեան շղթա­յա­զեր­ծած Ար­ցախ­եան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շար­ժու­մին բո­լոր ու­ժե­րով զօ­րակ­ցե­լու հրա­մա­յա­կա­նը շեշ­տեց, հա­մա­պա­տաս­խան այժ­մէ­ա­կա­նու­թիւն տա­լով “Դէ­պի Եր­կիր“ զօ­րա­շար­ժին:

Եւ բնաւ պա­տա­հա­կան չէր, որ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պա­կան վե­րըն­ձիւ­ղու­մը առաջ­նորդ­ուե­ցաւ “ժո­ղո­վուր­դէն առաջ չանց­նե­լու“, այ­լեւ “Ժո­ղո­վուր­դին հետ, ժո­ղո­վուր­դին հա­մար“ գոր­ծե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղեգ­ծով:
Այս բո­լո­րին ընդգ­ծու­մը եւ շեշ­տադ­րու­մը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն կը զգե­նուն մեր օրե­րուն, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն աւե­լի քան քսան տա­րի ետք, հայ կեան­քը ներ­քին եռե­ւե­փու­մի նոր շրջան մը կը բո­լո­րէ:

Ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի հուժ­կու ալիք մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նօ­րէն շղթա­յա­զերծ­ուած է եւ սե­փա­կան պե­տու­թիւնը այս կամ այն ու­ժի, այս կամ այն իշ­խա­նա­ւո­րի առանձ­նաշ­նորհ­եալ ագա­րա­կը դարձ­նե­լու ծան­րա­գոյն վտան­գին դէմ ոտ­քի կանգ­նած է ի՛նք` ժո­ղո­վո՛ւր­դը:
Թէ­եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան վեր­ջին` 18 Փետր­ուար 2013ի, ընտ­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւն­քը մեր­ժե­լու ուղ­ղու­թիւն ու­նի ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ներ­կայ ալի­քը, այ­սու­հան­դերձ` շարժ­ման էու­թիւնը ան­տե­սե­լու եւ չա­րա­փո­խե­լու կը ծա­ռա­յեն այն մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք ամե­նայն պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ դի­տել կու տան, թէ նման բո­ղո­քի ալիք­ներ միշտ ալ բարձ­րա­ցած են ամէն ընտ­րու­թեանց աւար­տին:

Այ­սինքն` իբր թէ ընտ­րու­թե­նէն պարտ­ուած դուրս եկած ու­ժե­րը միշտ ալ բո­ղո­քած են ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին դէմ եւ, հե­տե­ւա­բար, այս օրե­րուն եղածն ալ ու­րիշ բան չէ – պար­զա­պէս սո­վո­րու­թեան վե­րած­ուած ան­յոյս բո­ղոք է կա­տար­ուած` վճռուած ու աւար­տած ընտ­րու­թեան մը դէմ…

Բայց իրա­կա­նու­թեան հետ ի՞նչ կապ ու­նի նման մեկ­նա­բա­նու­թիւնը, որ փաս­տօ­րէն կը յի­շեց­նէ գլու­խը աւա­զի մէջ թա­ղե­լով աշ­խար­հի աչ­քէն թաքն­ուե­լու ջայ­լա­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը:

Ընդ­հա­կա­ռակն` կա­տար­ուած եւ աւար­տած քու­է­ար­կու­թիւն­նե­րը ոչ մէկ կապ ու­նե­ցան ըն­թա­ցիկ առու­մով հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թեանց հետ` խորհր­դա­րա­նա­կան ըլ­լան անոնք թէ նա­խա­գա­հա­կան:

Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան դաշ­տը առաջ­նոր­դող գլխա­ւոր ու­ժե­րը, պար­զա­պէս, նա­խա­գա­հի իրենց թեկ­նա­ծուն չա­ռա­ջադ­րե­ցին ընդ­դէմ պե­տու­թեան գոր­ծող նա­խա­գա­հին թեկ­նա­ծու­թեան:

Որ­քան ալ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն իրենց ընտ­րա­զանգ­ուա­ծին յանձ­նա­րա­րե­ցին դէմ քու­է­ար­կել Սերժ Սարգս­եա­նի թեկ­նա­ծու­թեան, այ­դու­հան­դերձ ժո­ղո­վուր­դին չներ­կա­յա­ցու­ցին իրենց վստա­հու­թիւնը վա­յե­լող թեկ­նա­ծու մը…

Պե­տու­թիւնը իր բո­լոր լծակ­նե­րով եւ օրի­նա­կան թէ ապօ­րի­նի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով յա­ռաջ մղեց նա­խա­գա­հա­կան իր թեկ­նած­ուին վե­րընտ­րու­թիւնը, իսկ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ոչ միայն մի­աս­նա­կան թեկ­նած­ուի մը շուրջ չկրցան հա­մա­ձայ­նիլ, այ­լեւ` յստակ հաս­ցէ մը չու­զե­ցին տալ սե­փա­կան ընտ­րա­զանգ­ուա­ծին, որ­պէս­զի անոր վրայ կեդ­րո­նաց­ուին այս իշ­խա­նու­թե­նէն դժգոհ ժո­ղո­վուր­դին քուէ­նե­րը:

Կար­ծէք պե­տու­թեան նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նած­ուին մշա­կած ընտ­րա­պայ­քա­րի բե­մագ­րու­թիւնը իրա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­ցին նա­եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը: Դէմ ար­տա­յայտ­ուե­ցան գոր­ծող նա­խա­գա­հի վե­րընտ­րու­թեան, բայց չու­զե­ցին կամ չկրցան քա­ղա­քա­կան փո­խընտ­րու­թիւն մը հրամց­նել ժո­ղո­վուր­դին:

Նման քա­ղա­քա­կան բե­մա­յար­դա­րու­մով ընտ­րու­թեան նա­խըն­թաց չէր ու­նե­ցած վե­րան­կա­խաց­եալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը:

Հե­տե­ւա­բար աւե­լի քան ան­հիմն է, ուղ­ղա­կի ան­հե­թեթ է պնդու­մը բո­լոր անոնց, որոնք այս­քա­նէն ետք կ՛ու­զեն փակ­ուած հա­մա­րել ընտ­րա­պայ­քա­րի էջը, ճանչ­նալ նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի “ընտ­րու­թիւն“ը եւ առաջ անց­նիլ:
Այդ պա­րա­գա­յին ի՞նչ պա­տաս­խան կը տրուի մեր ժո­ղո­վուր­դի քու­է­ար­կող­նե­րու այն 37 տո­կո­սին, որ պե­տու­թեան ամէն կար­գի ճնշում­նե­րուն եւ մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րուն դէմ ծա­ռա­նա­լու քա­ղա­քաց­ի­ա­կան ու­ժը գտաւ իր մէջ եւ իր վստա­հու­թեան քուէ­ին ար­ժա­նա­ցուց Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նին:
Հար­ցը ան­ձամբ Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի ստա­ցած քուէ­նե­րու բարձր տո­կո­սի անակն­կա­լին չի վե­րա­բե­րիր:

Հար­ցը կը վե­րա­բե­րի այս իշ­խա­նու­թե­նէն եւ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման այս հա­մա­կար­գէն դժգոհ ժո­ղո­վուր­դին հետ ըլ­լա­լու եւ, այդ ճամ­բով, մեր ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին ու ար­դա­րա­գոյն իրա­ւուն­քին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար բո­լոր ու­ժե­րով պայ­քա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին:

Քա­ղա­քա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րը թող իրենց գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւնը ի գործ դնեն եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի 37 տո­կո­սին բա­ցատ­րեն, թէ ինչ­պէ՛ս եւ ուր­կէ՛ պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նան մէ­կու­կէս միլի­ոն քու­է­ար­կող­ներ գտաւ: Աւե­լի՛ն. անոնց հաշ­ւոյն քուէ­նե­րու 58 տո­կոս մը յա­ջո­ղե­ցաւ բա­ժին հա­նել Սերժ Սարգս­եա­նի օգ­տին:

Թե­րեւս ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը իրենք ալ պէտք է քրտնին եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նոյն այդ 37 տո­կո­սին լու­սա­բա­նեն, թէ գոր­ծող նա­խա­գա­հը ինչ­պէ՛ս կրցաւ քու­է­ար­կու­թեանց նման ար­դիւնք մը նա­խա­պատ­րաս­տել, թա­փան­ցիկ կեր­պով կազ­մա­կեր­պել եւ հմտօ­րէն… “յաղ­թա­նակ“ի տի­րա­նալ:

Բայց աշ­խարհ իրար ալ անց­նի, դարձ­եալ իրո­ղու­թե­նէն ոչինչ կը փոխ­ուի եւ փաս­տը կը մնայ փաստ, որ իր տե­սա­կով նա­խըն­թաց չու­նե­ցող, առանց լուրջ մրցա­պայ­քա­րի մղուած եւ, ըստ ամե­նայ­նի, կան­խո­րոշ­ուած ընտ­րու­թեան մը աւար­տին` Հա­յաս­տա­նի ընտ­րա­զանգ­ուա­ծին 37 տո­կո­սը ինք­զինք յաղ­թա­կան նկա­տեց եւ մին­չեւ այս պա­հը իր յաղ­թա­նա­կին պա­հան­ջա­տէր կը կանգ­նի:

Ո՛չ, Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի յաղ­թա­նա­կին մա­սին չէ խօս­քը: “Ժա­ռան­գու­թեան“ ղե­կա­վա­րը ինք ալ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը խօ­սի “յաղ­թա­նա­կած ժո­ղո­վուրդ“ը յար­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին:
Խօս­քը որո­շա­պէս ժո­ղո­վուր­դի յաղ­թա­նա­կին մա­սին է:

Սե­փա­կան պե­տու­թիւնը եկող-գա­ցող իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ իբ­րեւ մե­նաշ­նորհ իւ­րաց­ուե­լու չա­րի­քին դէմ ար­ձա­նագր­ուած ժո­ղո­վուր­դի՛ յաղ­թա­նա­կին մա­սին է խօս­քը:
Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն ապա­գա­յին եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րա­ցու­մին հա­ւա­տա­ցո­ղը բա­րո­յա­կան մեծ պարտ­քը ու­նի, ամէն բա­նէ առաջ եւ վեր, բո­լոր ու­ժե­րով կանգ­նե­լու սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ յա­ռաջ մղե­լու նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դին սկսած` սե­փա­կան պե­տու­թիւնը որե­ւէ իշ­խա­նու­թեան հետ նոյ­նա­ցու­մի վտան­գէն փրկե­լու պայ­քա­րը:

Մա­յիս 5ի Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թեանց մի­աս­նա­կան ճա­կա­տով ներ­կա­յա­նա­լու եւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մը վե­րար­ծար­ծե­լու ընդ­դի­մադ­րու­թեան ներ­կայ ճի­գը, որ­քան ալ մար­տա­վա­րա­կան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն նկատ­ուի, վեր­ջին հա­շուով չի կրնար փո­խա­րի­նել ժո­ղո­վուր­դին յաղ­թա­նա­կը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ուղի­ով հաս­տա­տագ­րե­լու բուն օրա­կար­գը:

Ան­շուշտ բա­ցո­րոշ է ստեղծ­ուած քա­ղա­քա­կան անե­լը: Հա­ցա­դու­լի դի­մե­լու Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի ճա­րա­հատ քայ­լը ցու­ցա­նիշ մըն է` ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ուղի­ով անե­լէն դուրս գա­լու լուրջ դժուա­րու­թեան:

Իսկ ժո­ղո­վուր­դը վերս­տին քու­է­ա­տուփ առաջ­նոր­դե­լու ու­ղին, այն­քան ատեն որ նոր աւար­տած քու­է­ար­կու­թեանց անակն­կալ յաղ­թա­նա­կին առ­ջեւ դեռ չէ խո­նար­հած իշ­խա­նու­թիւնը, դժուար թէ կա­րե­նայ խան­դա­վա­ռել եւ վերս­տին պայ­քա­րի դաշտ նե­տել մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ ար­դէն իր ընդ­դի­մա­դիր քուէ­ին հա­մար սկսած է նոր ճնշում­նե­րու են­թարկ­ուե­լու:

Վերս­տին գլուխ սկսած է ցցել, նա­եւ, ար­տա­գաղ­թի ուր­ուա­կա­նը:

Ճիշդ է, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը պատ­րաս­տի դե­ղա­տոմ­սեր չու­նի նման անե­լը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար:

Բայց նա­եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը ինք­նին դե­ղա­տոմս է եւ ամէ­նուր ծա­ռա­յած է, իբ­րեւ ամէ­նէն ազ­դու զէնք, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ժո­ղովր­դա­յին մնա­յուն հա­կակ­շի­ռի տակ առ­նե­լու պայ­քա­րին:

Կը բա­ւէ, որ Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան դաշ­տը առաջ­նոր­դող ու­ժե­րը, յատ­կա­պէս ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ի վեր­ջոյ անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը քա­ղեն իր քուէ­ով սե­փա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կար­գի հրա­ւի­րող Ժո­ղո­վուր­դէն:

18 Փետր­ուար 2013ի ըն­տրու­թիւն­նե­րուն ամէն մարդ տե­սաւ, որ Հա­յաս­տան ու­նի իր քուէ­ին տէր կանգ­նող ժո­ղո­վուր­դը:

Այ­սինքն` եթէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­մա­տա­կան բա­րե­փո­խում­ներ հնա­րա­ւոր են, ատոր նա­խա­պայ­մա­նը վա­րէն վեր բարձ­րա­ցող ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շարժ­ման ծա­ւա­լումն է:
Մա­նա­ւանդ` ու­ժե­ղա­ցու­մը “ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար“ նշա­նա­բա­նով թափ առ­նող հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին պայ­քա­րին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

Trending Articles