Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

ԾԱՂ­ԿԱ­ԶԱՐԴ

$
0
0

p15 ps  Ամե­նա­գե­ղե­ցիկ, լու­սա­ւոր եւ ու­րախ տօ­նե­րէն է Ծա­կա­զար­դը: Իր ար­մատ­նե­րուն, “ծառ“ կամ “ծա­ղի­կի“ նման անա­րատ ու բու­րում­նա­ւէտ է: Վա­հան վար­դա­պետ Տէր Մի­նաս­եա­նը գրած է, Ծաղ­կա­զար­դը/Ծառ­զար­դա­րը հա­յոց Նար կամ Նուր/Հուր Աս­տու­ծոյ նուիր­ուած է: Երաշ­տի ժա­մա­նակ Նու­րի տիկ­նիկ­նե­րով պտտե­լու եւ անձ­րեւ բե­րե­լու ջանք­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են:

Այդ ժա­մա­նակ հայ եւ ոչ հայ գիւ­ղա­ցի­նե­րու հա­մար Նու­րին փրկչու­հին է: Անոր կ՛ան­ուա­նէ­ին նա­եւ  Խուճ­կու­րու­րիկ, Չի­չի-մա­մա, Ճի­ճի-մու­մա:

Ծաղ­կա­զարդ/Ծառ­զար­դարն, աղ­ջիկ­ներն ու տղա­ներ, առան­ձին առան­ձին խում­բե­րով կը պատ­րաս­տէ­ին Խուճ­կու­րու­րուկ մար­դա­ձեւ տիկ­նի­կը, դէմ­քը ճեր­մակ լա­թով, աչք-յօն­քով, քիթ-բե­րա­նով: Տիկ­նի­կի գօ­տին գու­նա­ւոր էր, գոյնզ­գոյն կտոր­նե­րով զար­դար­ուած, լա­չա­կը` պսպղուն հլուն­նե­րով, գլու­խին ծաղ­կեպ­սակ: Երբ Ծաղ­կա­զար­դի այս հարսն­ցուն կը պտտցնէ­ին փո­ղոց­նե­րով, պա­տու­հան­նե­րէն ջուր կը լեց­նէ­ին թա­փօ­րին վրայ եւ թա­փօ­րը կազ­մող երի­տա­սարդ­նե­րուն ալ նուէր­ներ կու տա­յին: Այս ծե­սը չա­փա­զանց կա­րե­ւոր էր, գա­րուն եկած էր եւ արե­ւոտ էր, ու պէտք էր ոռոգ­ման ջու­րի, անձ­րե­ւի խնդի­րը լու­ծել, նոյ­նիսկ հմա­յու­թեամբ:

Նո­րապ­սակ երի­տա­սարդ­ներ, նշան­ուած տղաք, Շա­բաթ լոյս, Կի­րա­կի կէս գի­շե­րին ար­մա­տա­խիլ կ՛ը­նէ­ին նոր բող­բո­ջած ու­ռե­նի­նե­րը եւ եկե­ղե­ցի կը բե­րէ­ին: Բո­լոր եկե­ղե­ցին կը զար­դար­ուէր ու­ռենիի բող­բո­ջած ճիւ­ղե­րով:  Երի­տա­սարդ­նե­րուն կը յա­ջոր­դէ­ին ան­չա­փա­հաս տղա­ներ ու պա­տա­նի­ներ` ձեռ­քեր­նին զա­նա­զան ձայ­ներ հա­նող ճիւ­ղե­րով:  Մինչ երի­տա­սարդ­նե­րը կը զար­դա­րէ­ին եկե­ղե­ցին, տղա­նե­րը ճիւ­ղե­րու աղ­մու­կով կը լեց­նէ­ին եկե­ղե­ցին:  Երբ եկե­ղե­ցին աս­տի­ճա­նա­բար կը լեց­ուէր բազ­մու­թեամբ` տօ­նա­կան հագ­ուած աղ­ջիկ­նե­րով, կի­նե­րով եւ երի­տա­սադ­նե­րով: Ծաղ­կա­զար­դին, ձմրան հա­գուստ­նե­րը կը փոխ­ուէ­ին գար­նա­նա­յին հա­գուստ­նե­րով: Դե­ռա­տի աղ­ջիկ­նե­րը եկե­ղե­ցի կու գա­յին ծաղ­կե­փուն­ջե­րով:  Քե­սա­պի մէջ, եօ­թը բու­րա­ւէտ ծա­ղիկ­ներ եւ խո­տեր կը դնէ­ին ջու­րին մէջ, որ գի­շեր­ուայ ըն­թաց­քին շատ զօ­րա­ւոր կը դառ­նար եւ կը կոչ­ուէր “Եօթն­յոյս“:  Առ­տուն  պի­տի լուաց­ուէ­ին այդ ջու­րով:

Քա­հա­նան կու գար, կը հնչէր եկե­ղեց­ւոյ զան­գակ­նե­րը, կան­չե­լու ու­շատ­ցած­նե­րը եկե­ղե­ցի: Եկե­ղե­ցի եկող­նե­րը ձեռ­քեր­նին մո­մե­րով կը շրջա­պա­տէ­ին  ու­ռենիի ծա­ռե­րը եւ իրենց մո­մե­րը վա­ռե­լով , կէս գի­շե­րին կը սկսէր ու­ռենիի ճիւ­ղե­րը օրհ­նե­լու ծե­սը: Եկե­ղեց­ւոյ սո­վո­րա­կան զսպուա­ծու­թեան եւ հան­դար­տու­թեան փո­խա­րէն,  ժո­ղո­վուր­դը կա­տակ­ներ կ՛ը­նէր, տղա­նե­րը իրենց ճիւ­ղե­րով ձայ­ներ կը հա­նէ­ին, բա­րե­կամ­ներ իրա­րու հետ կը խօ­սակ­ցէ­ին:  Խիստ բազ­մու­թիւն կը հա­ւաք­ուէր մաս­նա­ւո­րա­պէս նշան­ուած աղ­ջիկն­րու եւ փե­սա­ցու­նե­րու շուր­ջը:  Ճիւ­ղե­րը օրհ­նե­լու պա­հին, փե­սաց­ուին կող­մէ հաստ մոմ մը կը դնէ­ին հարսնց­ուին ձեռ­քը, ինչ­պէս նա­եւ նուէր­ներ փե­սաց­ուին բա­րե­կամ­նե­րուն կող­մէ:  Կ՛ըլ­լար ան­պատ­րաս­տից նշա­նա­խօ­սու­թիւն­ներ: Օրի­նակ փե­սաց­ուին մայ­րը նա­խա­պէս կը  հա­մա­ձայ­նէր հարս­նաց­ուին մօր հետ եւ հաստ մո­մի վրայ ամ­րաց­ուած մա­տա­նին կը տրուէր հարս­նաց­ուին եւ անոնք նշան­ուած կը հա­մար­ուէ­ին: Նո­րա­տի հար­սերն ալ այդ օր­ուան կը սպա­սէ­ին, ամու­սնու­թե­նէն յե­տոյ առա­ջին ան­գամ իրենց ծնող­նե­րուն տու­նը այցելե­լու եւ եկե­ղեցի­էն ան­մի­ջա­պէս իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն կ՛եր­թա­յին, մին­չեւ Կա­նաչ Կի­րա­կի հոն մնա­լու:

Արա­րո­ղու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, հա­ւա­տաց­եալ­նե­րը կրցած­ներ­նուն չափ օրհն­ուած ճիւ­ղե­րէն կ՛առ­նէ­ին իրենց տու­նե­րը տա­նե­լու… :

Մեծ Պահ­քի աւար­տին կը մնար միայն մէկ շա­բաթ, որը լե­ցուն էր թէ եկե­ղե­ցա­կան  եւ թէ ժո­ղովր­դա­կան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րով: Օրե­րու իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նէր իր անունն ու իր բնո­րոշ դէմ­քը: Կ՛ը­սէ­ին.-

Քոռ Եր­կու­շաբ­թին,

Պաս Երեք­շաբ­թին,

Չիք Չո­րեք­շաբ­թին,

Աւագ Հինգ­շաբ­թին,

Հու­թի Ուր­բաթ օր,

Զատ­կի Շա­բաթ օր`

Սուրբ հա­ղորդ­ման օր,

Քիւֆ­թի Կի­րա­կի:

Եր­կու­շաբ­թին ջրա­ղաց­պան­նե­րու օրն էր, որով­հե­տեւ այդ օրը բո­լո­րը ցո­րեն պի­տի տա­նէ­ին աղա­լու:  Երեք­շաբ­թի յի­մար-իմաս­տու­նի վի­ճա­կը քա­շե­լու օրն էր.  Մար­դիկ կը շտա­պէ­ին եկե­ղե­ցի:  Տա­սը թղթակ­տոր­նե­րէն հին­գին վրայ գրուած էր “իմաս­տուն“, հին­գին ալ` “յի­մար“:  Տա­սը երա­խայ կը վերց­նէ­ին մէ­կա­կան թուղթ: Միտ­քեր­նին մէ­կա­կան փա­փաք պա­հած  մար­դիկ, նա­խա­պէս կ՛ընտ­րէ­ին երա­խա­նե­րէն մէ­կուն: Եթէ “իմաս­տուն“ վի­ճա­կը քա­շէր, իրենց փա­փա­քը պի­տի իրա­կա­նա­նար, “յի­մա­րի“ պա­րա­գա­յին` պի­տի ձա­խո­ղէր:

Սա­կայն կա­րե­ւո­րա­գոյն իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը սկսէ­ին Չո­րեք­շաբ­թի օրէն, որ ամէն տեղ “չիք“ կը կոչ­ուէր:  Կրա­կի վրայ շա­րու­նակ ջուր կ՛ե­րաց­նէ­ին աման­նե­րը լուա­լու, լուացք ընե­լու տան բո­լոր ան­կիւններ մաք­րե­լու եւ լոգ­նա­լու: Գո­մե­րը կը մաք­րէ­ին, ուխ­տա­տե­ղի­ներ կ՛եր­թա­յին, իրենց ցա­ւե­րը հոն ձգե­լու: Կ՛եր­գէ­ին,

“Չիք, չիք, մուկն չիք,

Չիք, չիք լուն չիք,

Չիք, չիք, կա­րի­ճը չիք,

Չիք, չիք, օձը չիք,

Չիք, չիք, չա­րա­կա­մը չիք,

Չիք, չիք, հիւան­դու­թիւնը

                չիք եւայլն“:

Ոմանք այդ օրը բո­լոր բնա­կա­րա­նը կը դա­տար­կէ­ին եւ մէ­կը քար մը տա­նի­քը պտտցնե­լով ձայն կու­տա­յին.- Աղամ, աղամ, ի՞նչն աղամ: Ներ­սէն կը պա­տաս­խա­նէ­ին,

- Մուկն աղա՜,

- Աղամ, աղամ, ի՞նչն աղամ:

- Քունջն ու պու­ճա­խի

                տա­կերն աղա՜®

Աւագ Չո­րեք­շաբ­թի գի­շե­րը սա­տա­նա­նե­րը շատ գոր­ծօն էին:  Այդ գի­շեր մաս­րենիի թուփ կամ ճիւ­ղեր կը տա­նէ­ին, որ փու­շե­րը սա­տա­նա­նե­րուն պատռ­տէ­ին: 

Վա­տը, չա­րը “չքաց­նող“ Չո­րեք­շաբթի­ին կը յա­ջոր­դէր առատ, մա­քուր Հինգ­շաբ­թին: Տղա­մար­դոց առա­ջին գոր­ծը կ՛ըլ­լար բերք չտուող  ծա­ռե­րուն սպառ­նալ` իբր կը պատ­րաստ­ուէ­ին կտրել զա­նոնք, մին­չեւ որ մէ­կը ծա­ռե­րուն տեղ չխոս­տա­նար թէ այ­նու­հե­տեւ բերք պի­տի տա­յին:  Շա­տեր ծա­ռեր կը տնկէ­ին, գիտ­նա­լով որ այդ օր տնկուած­-նե­րը բեր­քա­տու պի­տի ըլ­լա­յին: Մու­շի մէջ, թթխմո­րը կը նո­րո­գէ­ին, շատ հաց կը թխէ­ին, մաս­նա­ւո­րա­պէս ննջեց­եալ ու­նե­ցող­նե­րը: Իրենց բա­րե­կամ­նե­րը երբ այ­ցե­լէ­ին, 15 նոր թխուած հաց կու­տա­յին: Իրի­կուն­նե­րը եկե­ղեցի­էն դուրս գա­լով խում­բով գե­րեզ­ման կ՛եր­թա­յին եւ հոն հաց կը բաժ­նէ­ին:  Լո­ռե­ցի­նե­րը սեւ թե­լի վրայ եօ­թը հան­գոյց  կ՛ը­նէ­ին եւ կը դնէ­ին եկե­ղեց­ւոյ պա­տի ճեղ­քե­րուն մէջ, որ­պէս­զի “թռչուն­նե­րը հա­ւե­րուն ձա­գե­րը չթռցնէ­ին“: Որոշ տե­ղեր այդ օրը գլուխ չէ­ին լուար որ չխեն­թա­նա­յին, օճառ չէ­ին գոր­ծա­ծեր, որ կսկիծ չտես­նէ­ին: Աղ­ջիկ­նե­րը դաշ­տե­րէն կա­նանչե­ղէն կը հա­ւա­քէ­ին ու հում կամ տապկ­ուած կ՛ու­տէ­ին: Ամէն մարդ այդ օրը պէտք է կա­նան­չե­ղէ­նը ու­տէր: Ան որ չէր կրնար ինք հա­ւա­քել, իրենց բա­րե­կամ­նե­րը կու­տա­յին իրենց:

Armenian priests carry palm branches durԳի­շե­րը, ոտնլ­ուա­յին, ամէն մէ­կը կտոր մը օրհն­ուած  կա­րագ կը բե­րէր որ իրենց մարմ­նի զան­զան մա­սե­րը քսէ­ին: Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Մեծ Պահ­քին շե­ղում­ներ կ՛ըլ­լար, եկե­ղեց­ւոյ մէջ տղա­նե­րը մո­մե­րը կը հանգց­նէ­ին եւ մու­թին մէջ, ծի­ծա­ղի ու կա­տակ­նե­րու տա­րա­փի տակ կա­նանց փէ­շե­րը իրա­րու կը կա­րէ­ին եւ աղ­ջիկ­նե­րուն կը համ­բու­րէ­ին:  Ոտնլ­ուա­յի ջու­րը վախ­ցող­նե­րուն կը խմցնէ­ին:  Զատկ­ուայ հաւ­կիթ­նե­րը ներ­կե­լու օրն էր:  Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու թիւին հա­ւա­սար կամ եօ­թը հատ, պահ­քը բա­նա­լու հա­մար: Այդ օրը ներկ­ուած հաւ­կիթ ու­տող­նե­րուն ակ­ռա­նե­րը չէ­ին ցա­ւեր:

Ուր­բաթ օրը ըստ եկե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցին, Քրիս­տո­սի խաչ­ուե­լու օրն էր, ուս­տի Ուր­բաթ սու­գի օր էր եւ շատ մը աշ­խա­տանք­նե­րէ խու­սա­փե­լու:  Այդ օր մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ յայտ­նի էր որ­պէս Յու­դա­յի Ուր­բաթ անու­նով:

Առ­տու շատ կա­նուխ, աք­լո­րա­կան­չէն առաջ, բո­լոր հայ դար­բին­նե­րը, առանց խօ­սե­լու դարբ­նոց կ՛եր­թա­յին եւ երեք կամ եօ­թը ան­գամ մուր­ճով կը հար­ուա­ծէ­ին սա­լին, որ­պէս­զի շղթայ­ուած Ար­տա­ւազ­դի շղթա­նե­րը ամէն տա­րի ամ­րա­նա­յին: Դար­բին­ներն ու ոս­կե­րիչ­նե­րը “ուր­բա­թա­թուր“ կո­չուող  հմա­յիլ­նե­րը կը շի­նէ­ին, որոնք փոք­րիկ օղեր, մա­տա­նի­ներ, ապա­րան­ջա­ներ էին, որ մայ­րե­րը իրենց զա­ւակ­նե­րը չար աչ­քե­րէ հե­ռու մնան ըսե­լով կը գնէ­ին:  Կի­ներ այդ օր անպայ­ման կար պի­տի ընէ­ին, որ­պէս­զի չար աչ­քի դէմ երա­խա­նե­րուն հա­գուստ­նե­րուն վրայ որոշ նաշ­խեր դնէ­ին: Այր մար­դիկ ալ քա­նի մը ակօս վար կ՛ը­նէ­ին: Ինչ­պէս ասեղ օգ­տա­գոր­ծե­լը կար ընե­լու հա­մար, այն­պէս ալ վար ընե­լը ժո­ղո­վուր­դին քով մէկ նպա­տակ ու­նէր, “ցաւ պատ­ճա­ռել Քրիս­տո­սի տա­ռա­պանք­նե­րու մատ­նած, դա­ւա­ճան Յու­դա­յին“:

Ուր­բաթ օրը ան­պայ­ման կծու-թթու կ՛օ­տա­գոր­ծէ­ին: Մա­րաշ­ցի­նե­րը քա­ցա­խով հա­մեմ­ուած ոս­պա­պուր կ՛ու­տէ­ին:  Լոռիի մէջ “բան­ջար կ՛ե­փէ­ին, որ­պէս­զի անոր ծա­կող զօ­րու­թիւնը ոչն­չա­նար, որով­հե­տեւ Յի­սու­սի բան­ջա­րով ծե­ծած էին“: Մու­շի մէջ, կա­ղամ­բով թթու կը դնէ­ին, որ կը կոչ­ուէր “օձի թթու“:

Այդ Ուր­բաթ օրը կա­նայք բա­ղարջ կը թխէ­ին տան ան­դամ­նե­րուն թիւով, իսկ ոմանք` ննջե­ցալ­նե­րուն անու­նով ալ եւ վեր­ջին­նե­րը դրա­ցի­նե­րուն եւ աղ­քատ­նե­րուն կու­տա­յին: Այդ օրը մե­ռե­լոց կը հաշ­ուէ­ին եւ գե­րեզ­ման­նե­րը կ՛այ­ցե­լէ­ին: Այդ օրը փոքր նուէր մը բե­րե­լով “սու­գէն կը հա­նէ­ին“ ննջեց­եալ­նե­րու ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը:  Կա­րե­լի չէր “ծուն­կի գալ, որով­հե­տեւ Քրիս­տոս Խա­չին վրայ էր, խաչ չհա­նել որով­հե­տեւ Քրիս­տոս խաչ­ուած էր, դրամ փոխ չտալ եւ չառ­նել, որով­հե­տեւ Քրիս­տո­սը դրա­մի հա­մար մատն­ուած էր, մուրճ չգոր­ծա­ծել, որով­հե­տեւ մուր­ճով են բե­ւե­ռած Տի­րո­ջը, փայտ չտա­շել, որով­հե­տեւ Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը տա­շած էին“:  Կա­րե­լի չէր մազ հիւ­սել նա­եւ, որ տար­ուայ ըն­թաց­քին գլխու ցաւ չու­նե­նա­յին:

Շա­բաթ օր, “Զատ­կի շա­բաթ, կար­միր հաւ­կիթ, կար­միր արեւ, կա­նաչ են սար ու ձո­րեր“: Պա­տա­րա­գի հետ կը վառ­ուէ­ին օճախ­նե­րը, հարս ու աղ­ջիկ սո­խի կճե­պով եւ աւե­լու­կով հաւ­կիթ­ներ կը ներ­կէ­ին ու կը զար­դա­րէ­ին:  Առ­տու կա­նուխ աղ­ջիկ­ներ ծոմ պա­հած բե­րա­նով դաշ­տե­րէն թարմ բան­ջար կը հա­ւա­քէ­ին, որ իրի­կու­նը իւ­ղով ու հաւ­կի­թով տապկ­ուէր, իսկ սա­մի­րը (կա­թով եփած կոր­կո­տա­ճա­շը) պար­տա­դիր էր Մեծ Պահ­քի խթման օրը:  Պահք պապ-Ակ­լա­տի­զի վեր­ջին` եօթ­նե­րորդ փե­տու­րը կը հա­նէ­ին եւ Ակ­լա­տիզն ալ խնդա­լով ծե­ծե­լով կը տա­նէ­ին ջու­րը կը նե­տէ­ին:  Շա­բաթ օրը նա­եւ  նա­խա­պատ­րաստ­ուե­լու օրն էր. կար­գի կը բե­րէ­ին տօ­նա­կան հա­գուստ­նե­րը, կը զար­դա­րէ­ին բնա­կա­րա­նի պա­տե­րը, տան դու­ռե­րու շրջա­նակ­նե­րուն կը փակց­նէ­ին զատ­կա­կան կար­միր հաւ­կի­թի կճեպ, կը թխէ­ին խմո­րե­ղէն­ներ: Յա­տուկ պատ­րաս­տու­թիւն  կը տես­նէ­ին նշան­ուած տղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը. Քա­նի մը հա­րիւր հաւ­կիթ կը խա­շէ­ին ու կը զար­դա­րէ­ին: Յա­ջորդ օրը մէկ խնամի­էն միւ­սին տու­նը պի­տի եր­թա­յին զար­դա­րե­լու Զատկ­ուայ սե­ղան­նե­րը: Զար­դա­րե­լու հա­մար կը գոր­ծա­ծէ­ին մե­տաքս­եայ թե­լեր եւ հլուն­ներ:

Երե­կոյ­եան Պա­տա­րա­գը շուտ կը սկսեր, որ­պէս­զի Պա­տա­րա­գէն ետք դեռ արե­ւը մայր չմտած պահ­քեր­նին բա­նա­յին: Շա­տեր ան­համ­բեր ըլ­լալ­նուն, հե­տեր­նին Պա­տա­րա­գի հաւ­կիթ կը տա­նէ­ին եւ երբ “Քրիս­տոս Յար­եաւ ի Մե­ռե­լոց“ կամ “Առէք Կե­րէք“ բա­ռե­րէն ետք, եկե­ղեց­ւոյ մէջ հաւ­կի­թը կ՛ու­տէ­ին եւ Պահ­քեր­նին կը բա­նա­յին: Երե­կոյ­եան Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցող­նե­րը տուն կ՛եր­թա­յին տնե­ցի­նե­րուն աւե­տե­լու Քրիս­տո­սի Յա­րու­թիւնը եւ պահ­քի վեր­ջը: Փո­ղոց­ներն ալ իրա­րու կ՛ա­ւե­տէ­ին:

Պա­տա­րա­գէն յե­տոյ, Շա­բաթ օր­ուայ երե­կոյ­եան, դեռ արե­ւը մայր չմտած, թաթխ­ման ընթ­րի­քի սե­ղան կը պատ­րաստ­ուէր: Օրէնք էր, որ Ծննդեան թա­թախ­ման ընթ­րի­քը ճրա­գի լոյ­սի տակ ըլ­լար, այ­սինքն մու­թին, իսկ Զա­տի­կի­նը` արեւ լոյ­սի տակ, երե­կոյ­եան:  Ընթ­րի­քի հիմ­նա­կան ճա­շերն էին կար­միր հաւ­կի­թը, ձկնե­ղէն, փի­լաւ, հաւ­կի­թով տապկ­ուած բան­ջա­րե­ղէ­նը, վեր­ջը` թանձր եփած թա­նով ծե­ծա­ծով ապու­րը(սպաս)ը կամ կա­թով եփած կոր­կո­տա­ճա­շը:  Այդ գի­շեր կը սկսէր Զա­տի­կը:

ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ (Հիմն­ուած Հրա­նուշ Խա­ռատ­եան-Առա­քել­եա­նի

“Հայ Ժո­ղովր­դա­կան Տօները“ գիր­քին վրայ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

Trending Articles