Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆՈՒՄ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՈՒ ԻՇ­ԽՈՂ ԿՈՒ­ՍԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՆՈՅ­ՆԱ­ՑԱԾ ԵՆ

$
0
0


  ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱՆ

 

Ինչ­պէս որ թե­ւա­ւոր խօս­քը կը սոր­վեց­նէ, “Փե­րին դուրս եկած է կա­խար­դա­կան սրուա­կէն եւ այ­լեւս կա­րե­լի չէ ետ խցկել զայն“:

Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին` “փե­րի“ն սե­փա­կան ճա­կա­տա­գի­րը ան­կաշ­կանդ եւ ինք­նու­րոյն տնօ­րի­նե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին ազատ կամքն է:

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մին եւ հա­յոց պե­տա­կան տան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան վե­րա­կանգ­նու­մին յա­ջոր­դած աւե­լի քան 22 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, մեր ժո­ղո­վուր­դին ազատ կամ­քը առաս­պե­լա­կան փերի­ին օրի­նա­կով կա­խար­դա­կան սրուա­կի մէջ ար­գե­լա­փակ­ուե­ցաւ:

Խորհր­դա­րա­նա­կան, նա­խա­գա­հա­կան եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ հե­տե­ւե­ցան իրա­րու, նոյն­պէս Սահ­մա­նադ­րու­թեան հաս­տատ­ման ու բա­րե­փոխ­ման հան­րաք­ուէ­ներ ալ ու­նե­ցանք, բայց պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման իշ­խա­նու­թիւնը իր մի­ակ իրա­ւա­տի­րոջ‘ հայ ժո­ղո­վուր­դին յանձ­նե­լու, այ­լեւ վե­րա­դարձ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը շա­րու­նակ ոտ­նա­կոխ­ուե­ցաւ:

Յու­լիս 1995-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն եւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան Հան­րաք­ուէ­էն սկսեալ, իր կեանքն ու ապա­գայ սե­րունդ­նե­րուն կեան­քը ազա­տօ­րէն տնօ­րի­նե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին անբռ­նա­բա­րե­լի իրա­ւուն­քը սե­փա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ար­հա­մարհ­ուե­ցաւ եւ բրտօ­րէն խցկուե­ցաւ կա­խար­դա­կան սրուա­կի մէջ:

Ան­շուշտ, ինչ­պէս հայ­րե­նի ընտ­րա­զանգ­ուա­ծը, այն­պէս ալ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան իրա­ւա­տէր մե­ծա­մաս­նու­թիւնը բնաւ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ իր ազատ կամ­քին պար­տադր­ուած ապօ­րի­նի ու անար­դար այդ կաշ­կան­դու­մին: Հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին իւ­րա­քան­չիւր քու­է­ար­կու­թիւն առի­թը ըն­ծա­յեց հայ քա­ղա­քացի­ին, որ­պէս­զի դրսե­ւո­րէ իր ընդվ­զումն ու ծա­ռա­ցու­մը պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան տի­րա­ցած քա­ղա­քա­կան ու­ժին բռնա­ցում­նե­րուն դէմ:

Ան­ցանք 1996-ի եւ 2008-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց յա­ջոր­դած քա­ղա­քաց­ի­ա­կան ցնցու­մի, պայ­թու­մի եւ երկ­փեղկ­ման ծան­րակ­շիռ փու­լե­րէն, որոնք եկան ար­մա­տա­կա­նաց­նե­լու մէկ կող­մէ ազատ կամ­քի փե­րին կա­խար­դա­կան սրուա­կի մէջ բան­տար­կու­ուած պա­հե­լու պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց կա­մա­կո­րու­թիւնը, իսկ միւս կող­մէ` ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան քու­է­ար­կու­թեամբ ստրկա­կան հա­մա­կեր­պու­մին վերջ տա­լու հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին վճռա­կա­նու­թիւնը:

Յատ­կա­պէս 2008-ի Մար­տի­մէկ­եան խռո­վու­թիւն­նե­րը սպառ­նա­լից եւ վտան­գա­ւոր եղան այն աս­տի­ճան, որ ոչ միայն մեր եր­կիրն ու պե­տու­թիւնը հաս­ցու­ցին ան­դուն­դի եզ­րին, այ­լեւ` ծան­րօ­րէն խո­ցե­ցին վե­րան­կա­խաց­եալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին վար­կը:

Տե­ղը չէ խո­րա­նա­լու ար­դէն անց­եա­լին պատ­կա­նող այդ ցնցում­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան ախ­տո­րո­շու­մին մէջ: Բայց ան­պայ­ման տեղն է ընդգ­ծե­լու, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ազատ կամ­քի ու ան­կաշ­կանդ ընտ­րու­թեան իրա­ւուն­քը շղթա­յա­զեր­ծե­լու եւ տի­րա­կան դարձ­նե­լու քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կերպ պայ­քա­րը միշտ ալ հե­ռու պահ­ուե­ցաւ իր… յաղ­թա­նա­կէն:

Աւե­լի որո­շա­կի` ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ կու­սակ­ցու­թեանց ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու օրի­նա­պահ ծա­ռա­ցում­նե­րը, ընտ­րա­պայ­քար­ներն ու վա­յե­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին լայն վստա­հու­թիւնը, շա­րու­նակ, իրո­ղա­պէս յաղ­թա­նա­կե­լով հան­դերձ` եր­բեք օրի­նա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեամբ չա­ւար­տե­ցան: Քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կերպ ընդ­դի­մադ­րու­թիւնը միշտ ալ բա­խե­ցաւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ղե­կը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւի ձե­ւա­կա­նօ­րէն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, բայց էա­պէս բռնա­դա­տա­կան մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րուն, եւ ընկր­կե­ցաւ անոնց բիրտ ու­ժի զօ­րու­թեան առ­ջեւ:

Գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւնը ամէն ընտ­րու­թեան պար­զա­պէս խլեց յաղ­թա­նա­կը, որով­հե­տեւ զին­ուած էր ան­պար­տե­լի լծակ­նե­րով ու յե­նա­կէ­տե­րով, ըստ ամե­նայ­նի պե­տա­կա­նու­թեան ողջ նե­րու­ժը իր վե­րընտ­րու­թեան ու վե­րար­տադ­րու­թեան ծա­ռա­յեց­նե­լու ան­հա­ւա­սար, անմր­ցե­լի՛ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով:

Աւե­լի քան քսա­նամ­եայ ճամ­բայ կտրած ներ-քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու դա­սա­ւոր­ման, մա­նա­ւանդ իշ­խա­նու­թիւն-հա­սա­րա­կու­թիւն խզու­մի եւ առ­ճա­կատ­ման այս խո­րա­պատ­կե­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ Փետր­ուար 18, 2013-ի նա­խա­գա­հա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թիւնը:

Եւ պա­տա­հե­ցաւ ան­խու­սա­փե­լին:

Ընտ­րա­զանգ­ուա­ծը ի վի­ճա­կի եղաւ, հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին քուէի տա­րե­րա­յին զօ­րա­շար­ժով, ընկր­կու­մի մատ­նե­լու պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան անմր­ցե­լի ու­ժը` ընդ­դի­մա­դիր գլխա­ւոր կու­սակ­ցու­թեանց եւ գոր­ծիչ­նե­րու կազ­մա­կերպ ու մի­աս­նա­կան ճա­կա­տի ընտ­րա­պայ­քա­րէն հե­ռու մնա­լու պայ­ման­նե­րուն մէջ իսկ:

Այս առու­մով` Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի դաշ­նակ­ցա­կան խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր եւ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տամ­եան փաս­տօ­րէն մա­տը կը դնէ բուն վէր­քին վրայ, երբ Փետր­ուար 26-ին “Եր­կիր“ի տուած իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ՛ընդգ­ծէ, որ` “Ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս եւ սպաս­ւում էր, վատն էին, պաշ­տօ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը` կան­խո­րոշ­ուած: Կան­խո­րոշ­ուա­ծու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը մնաց նոյ­նը` պե­տու­թեան ողջ ռե­սուր­սի իւ­րա­ցու­մը իշ­խող քա­ղա­քա­կան ու­ժի կող­մից: …Ողջ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը, ընտ­րու­թիւն­նե­րի ժա­մա­նակ, աշ­խա­տում է իշ­խա­նու­թեան թեկ­նած­ուի օգ­տին… Հա­յաս­տա­նում պե­տու­թիւնն ու իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւնը նոյ­նա­ցած են“:

Նոյն­քան խորհր­դա­ծու­թեան ատաղձ կը տրա­մադ­րէ դաշ­նակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծի­չը, երբ Փետր­ուար 18-ի քու­է­ար­կու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը կը կա­տա­րէ եւ յետ-ընտ­րա­կան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շարժ­ման էու­թիւնն ու հե­ռան­կար­նե­րը կը պար­զէ.-

“Սա­կայն այս ընտ­րու­թիւն­ներն ու­նեն մի կա­րե­ւոր առանձ­նա­յատ­կու­թիւն: Հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րի չմաս­նակ­ցու­թեան ֆո­նին, առա­ջին հեր­թին հէնց իշ­խա­նութ­իւն­նե­րի հա­մար անակն­կալ եւ անն­կատ կեր­պով ընդ­դի­մա­դիր ընտ­րա­զանգ­ուա­ծը ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ուեց եւ կենտ­րո­նա­ցաւ մէկ թեկ­նած­ուի շուրջ: Այս­պի­սով, ինք­նա­բե­րա­բար ձե­ւա­ւոր­ուեց մի­աս­նա­կան թեկ­նա­ծու, որից այդ­քան խու­սա­փում էին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, եւ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան առա­ջին փու­լը, ըստ էու­թեան, ըն­թա­ցաւ երկ­րորդ փուլի տրա­մա­բա­նու­թեամբ:

“Սա պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւնն է այն հան­գա­ման­քի, որ երկ­րում առ­կայ քա­ղա­քա­կան, սոց­ի­ալ-տնտե­սա­կան եւ բա­րո­յա­կան մթնո­լոր­տը այն աս­տի­ճան խեղ­դող է, իշ­խա­նու­թեան վե­րե­ւից ներ­քեւ պահ­ուած­քը այն աս­տի­ճան ան­տա­նե­լի եւ վի­րա­ւո­րա­կան, որ յան­գեց­րեց ժո­ղովր­դի ինք­նա­բուխ ընդվզ­մա­նը:

“Թէ ի՛նչ է ցոյց տա­լիս ժո­ղովր­դի այս` ցա­սու­մը, շատ յստակ է` մար­դիկ այ­լեւս այս­պէս ապ­րել չեն կա­րող եւ ու­զում են ու­նե­նալ իրենց ար­ժա­նի իշ­խա­նու­թիւն: Փետր­ուա­րի 18-ին մեր ժո­ղովր­դի դրսե­ւո­րած կամ­քը չպէտք է ոտ­նա­հար­ուի: Ընտ­րու­թիւն­նե­րի օրը ժո­ղովր­դի ինք­նա­բուխ ընդվ­զու­մը յետ-ընտ­րա­կան շարժ­ման վե­րած­ուե­լու այս գոր­ծըն­թա­ցի շար­ժա­ռի­թը դա՛ է, որի վերջ­նա­կան նպա­տա­կը պէտք է լի­նի ժո­ղովր­դի լի­ա­կա­տար իշ­խա­նու­թեան հաս­տա­տու­մը երկ­րում` բո­լո՛ր մա­կար­դակ­նե­րով: Սա տե­ւա­կան եւ ան­կոտ­րում պայ­քա­րի ճա­նա­պարհ է“:

Կաս­կա­ծէ վեր է, որ իշ­խա­նու­թեան մե­նաշ­նոր­հէն դժգոհ ընտ­րա­զանգ­ուա­ծը իր վստա­հու­թեան քուէն Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նին վրայ կեդ­րո­նա­ցուց, որով­հե­տեւ անոր մէջ տե­սաւ օրի­նա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պայ­քա­րի ուղի­ով ար­մա­տա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան հաս­նե­լու, այ­լեւ տի­րող կա­ռա­վար­ման խա­թար­ուած հա­մա­կար­գը հիմ­նո­վին բա­րե­փո­խե­լու յոյ­սը:

Դժուար է նա­խա­տե­սել, թէ “Ժա­ռան­գու­թեան“ առաջ­նոր­դը որ­քա­նո՞վ ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լայ ար­դա­րաց­նե­լու այդ սպա­սու­մը:

Բայց նա­եւ տա­րա­կոյս պէտք չէ ու­նե­նալ, որ Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան հե­տե­ւո­ղա­կան գտնուած է քա­ղա­քա­կան խա­թար­ուա­ծու­թեան դէմ ան­հաշտ պայ­քար մղե­լու իր կեց­ուած­քին մէջ, որ գու­մար­ուե­լով ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու իր փա­րու­մին եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծի­չի ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան վրայ` ճամ­բայ կը հար­թէ իշ­խա­նու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մին առ­ջեւ:

Աւե­լի՛ն. ինչ­պէս Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, նոյն­պէս եւ Հա­յաս­տա­նի ընդ­դի­մադ­րու­թեան դաշ­տը զբա­ղեց­նող ու­ժե­րը ար­դէն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են յետ-ընտ­րա­կան ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մը հզօ­րաց­նե­լու, որ­պէս­զի իշ­խա­նա­ւոր քա­ղա­քա­կան ու­ժը շա­րու­նակ պահ­ուի սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հա­շիւ տա­լու եւ ժո­ղո­վուր­դի՛ հա­ւա­նու­թեամբ կա­ռա­վա­րե­լու ճնշու­մին տակ:

Այս իմաս­տով փե­րին դուրս նետ­ուած է իր ար­գե­լա­փակ­ման կա­խար­դա­կան սրուա­կէն:

Եւ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան պե­տա­կան հզօ­րաց­ման հա­մար հնչած է ժա­մը, որ­պէս­զի ամէն բա­նէ առաջ եւ վեր` պե­տու­թիւնն ու պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւնը ձեր­բա­զատ­ուին իշ­խող քա­ղա­քա­կան ու­ժին պա­տան­դը մնա­լու, իշ­խա­նա­ւոր այս կամ այն վար­չա­խում­բին սե­փա­կան ագա­րա­կին վե­րած­ուե­լու Չա­րի­քէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

Trending Articles