Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

ՓԵՏՐ­ՈՒԱՐ­ԵԱՆ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ`ԿՈ­Ա­ԼԻՑԻ­ՈՆ ԸՆԴ­ԴԻ­ՄՈՒ­ԹԵԱՆ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԸ

$
0
0

  Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Առանց բա­նա­վէ­ճի, ծրա­գիր­նե­րու հա­մար­եայ բա­ցա­կա­յու­թեամբ յատ­կանշ­ուած, գա­ղա­փա­րա­զուրկ, պար­զու­նակ հայ­րե­նա­սի­րա­կան ճա­ռե­րով լե­ցուն, սեր­ի­ալ­նե­րու յա­տուկ էժա­նա­գին տռամ­նե­րու յու­զա­կա­նու­թեամբ թրծուած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու “փի­ար“ական քա­րո­զար­շա­ւը աւար­տե­ցաւ եւ Փետր­ուար 18-ին, թուա­կան մը որ Արամ Մա­նուկ­եան­նե­րը չմոռ­ցող­նե­րը կը նշեն որ­պէս պոլ­շե­ւիկ­եան իշ­խա­նու­թեան լու­ծին դէմ ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան պատ­մա­կան օր, Հա­յաս­տա­նի մէջ “տօն­ուե­ցաւ“ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը` ընտ­րու­թիւն­նե­րու սպաս­ուած ար­դիւնք­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մով: Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը պատ­րաստ­ուէր հրա­պա­րա­կե­լու քու­է­ար­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րը այն բա­ւա­րա­րու­թեամբ, որ ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր ամե­նէն ազատ, մա­քուր եւ թա­փան­ցիկ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի ծա­փա­հար­ուէր ամե­նու­րէք:

Ըսենք թէ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ալ պէտք չկար. բա­ւա­կան էր որ աշ­խար­հով մէկ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու հան­դէպ բա­ցար­ձակ ան­տար­բե­րու­թիւնը շա­րու­նակ­ուէր: Ան­տար­բե­րու­թիւն, որ Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նի դէմ մա­հա­փոր­ձը եւ անոր յա­ջոր­դած ու մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կուող խեղ­կա­տա­կու­թիւնը, մաս­նակ­ցու­թեամբ իբ­րեւ թէ իրենց յան­ցա­գոր­ծու­թիւնը խոս­տո­վա­նած եր­կու ձեր­բա­կալ­եալ­նե­րուն, մի­ջա­դէ­պին հե­տա­խու­զու­թիւնը իրա­կա­նաց­նող քննչա­կան խում­բին եւ նոյն ինքն` զո­հին, չյա­ջո­ղե­ցաւ խոր­տա­կել: Պար­զա­պէս` Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին հան­դէպ մի­ջազ­գա­յին ան­տար­բե­րու­թիւնը լաւ է բիզ­նէ­սին հա­մար: Ան­շուշտ այն բիզ­նէ­սին որուն գոր­ծըն­կեր­նե­րը նա­եւ երկ­րին տէ­րերն են, երկ­րին շէֆ-երը: Ոչ միւս­նե­րուն, որոնց կար­գին` միլի­ո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու ներդ­րում ընել ցան­կա­ցող Քա­րը­ֆու­րին, որուն թէ­եւ վար­չա­պետ լի­բե­րալ Տիգ­րան Սարգս­եա­նի սու­բեր­լի­բե­րալ կա­ռա­վա­րու­թիւնը եր­դում պա­տառ կ՛ըլ­լայ որ կ՛ու­զէ որ գայ Հա­յաս­տան, բայց նոյ­նը չեն մտա­ծեր մրցակ­ցու­թե­նէ խոր­շող Ս.Ա.Ս. եւ Երե­ւան Սի­թի սու­բըր­մար­քէթ­նե­րուն տէ­րե­րը: Կամ` իրենց մաս­նա­գի­տու­թեամբ ար­դէն գո­նէ Սփիւռ­քի մէջ լաւ վարկ շա­հած ատամ­նա­բոյժ­նե­րու բիզ­նէ­սին, որ Սերժ Սարգս­եա­նի նա­խա­գա­հու­թեան անց­նող հինգ տա­րի­նե­րուն, յատ­կա­պէս հա­զիւ մէջ­տեղ եկած մի­ջին խա­ւին դէմ ակտիւա­ցած հար­կա­յի­նին վեր­ջին զո­հե­րէն է:

Ան­տար­բե­րու­թիւնը զգա­լի էր նա­եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ: Ընտ­րու­թիւն­նե­րը անդ­րա­դարձ պի­տի չու­նե­նա­յին ար­դէն ար­տա­գաղ­թած, ար­տա­գաղ­թե­լու պատ­րաս­տուող թէ ար­տա­գաղ­թե­լու մա­սին մտա­ծող ու երա­զող տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր­նե­րուն հա­մար: Ոչ միայն Ռու­սաս­տա­նի ճամ­բան բաց կը մնայ (երե­ւի հեշ­տաց­նե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի եւ­րաս­իա­յա­ցու­մը…) քիչ մը աւե­լի լաւ կեանք յու­սա­ցող­նե­րուն հա­մար, այլ տի­րա­պե­տող ազատ շու­կա­յա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հա­մո­զու­մը առա­ջին օրէն իսկ եղած է որ հայ­րե­նի­քի մէջ աշ­խա­տանքն ալ են­թա­կայ է առա­ջար­կի ու պա­հան­ջար­կի օրէն­քին: Ժա­մա­նա­կին մի ոմն Վա­նօ Սի­րա­դեղ­եան կ՛ող­ջու­նէր Հա­յաս­տա­նի արա­գըն­թաց կլա­նու­մը դրա­մա­տի­րու­թեան գլո­բալ յոր­ձա­նու­տին մէջ` Երե­ւա­նի սե­ղա­նիկ­նե­րուն մէջ երկ­րի ապա­գան տես­նե­լով եւ կը յայ­տա­րա­րէր որ երկ­րին մէջ պէտք է ապ­րի այն­քան մարդ որ­քան եր­կի­րը կրնար կե­րակ­րել: Մնա­ցա­ծը կրնար գլխուն ճա­ռին նա­յիլ ուր որ կ՛ու­զէր, ինչ­պէս որ կ՛ու­զէր: Ար­դէն ինքն ալ տար­բեր բան չը­րաւ… Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի օրով ծնած ու հաս­տա­տագր­ուած այս մտայ­նու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան այ­րե­րուն մօտ ոչ միայն չփոխ­ուե­ցաւ Ռո­պերթ Քո­չար­եա­նի տաս­նամ­եա­կին եւ Սերժ Սարգս­եա­նի ժա­մա­նակ, այլ աւե­լի ամ­րագր­ուե­ցաւ, որ­պէս ան­խու­սա­փե­լի հե­տե­ւանք ազատ շու­կա­յա­կա­նու­թեան անու­նով երկ­րին մէջ հաս­տա­տուող մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի ստեղ­ծած պայ­ման­նե­րուն: Երբ հա­ցի ու ապա­գա­յի յոյ­սի խնդիր կայ ալ որո՞ւն “տէրտ“ն են ընտ­րու­թիւն­նե­րը… Սերժ Սարգս­եա­նի քա­րո­զար­շա­ւի բազ­մա­թիւ կաֆ-երէն այն որ ամե­նէն աւե­լի հա­րա­զատ կեր­պով ար­տա­գաղ­թին հան­դէպ իշ­խա­նա­կար­գի ան­տար­բե­րու­թիւնը խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն կը բա­ցա­յայ­տէ իր ան­կեղծ պա­տաս­խանն էր իրեն դի­մած քա­ղա­քացիի մը, որ կը գան­գա­տէր թէ իր զա­ւա­կը ստիպ­ուած էր Ռու­սաս­տան եր­թա­լու. “Ե՞ս եմ յան­ցա­ւո­րը…“:

Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի գոր­ծը սու­սիկ-փու­սիկ վեր­ջաց­նե­լու սպա­սու­մը “հե­մէն-հե­մէն“ իրա­կա­նու­թեան վե­րած­ուե­լու սկսած էր Փետր­ուար 18-ի գի­շե­րը եւ յա­ջորդ առա­ւօտ­եան, երբ մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րը իրենց “համ­սըզ ու հոտ­սըզ“ տե­ղե­կա­գի­րը կը փոր­ձէ­ին հրա­պա­րա­կել, եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­նի մը նկա­տո­ղու­թիւն­նե­րէ յե­տոյ, գոր­ծող եւ գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու պատ­րաս­տուող նա­խա­գա­հին ընտ­րու­թիւնը օրի­նա­կան յայ­տա­րա­րե­լով: Մինչ այդ, ար­տա­սահ­մա­նէն շնոր­հա­ւո­րա­կան­նե­րը եր­բեմն հասկ­նա­լի եւ եր­բեմն ոչ այն­քան հասկ­նա­լի փութ­կո­տու­թեամբ հաս­նե­լու սկսան, ինչ որ, շատ հա­ւա­նա­բար, Սերժ Սարգս­եա­նի շրջա­պա­տին հա­մար իրենց յաղ­թա­նա­կը կ՛ամ­րագ­րէր:

Բայց պա­տա­հե­ցաւ չսպաս­ուա­ծը, եւ որ­քան որ ընտ­րար­շա­ւը ձանձ­րա­ցու­ցիչ էր, որ­քան որ գրե­թէ ամէն մարդ հա­մոզ­ուած էր որ ոչինչ պի­տի փոխ­ուէր Փետր­ուար 19-ին, նոյն­քան ալ անակն­կալ եղաւ յե­տընտ­րա­կան շաբթ­ուան ըն­թաց­քին կա­ցու­թեան ելեկտ­րա­կա­նա­ցու­մը:

Պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րով ի դէմս Սերժ Սարգս­եա­նի 58 տո­կո­սին 37 տո­կո­սի պատ­կա­ռե­լի ձայ­ներ հա­ւա­քած Ռաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նը յայ­տա­րա­րեց որ չէր ճանչ­նար ար­դիւնք­նե­րուն վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնը եւ հա­մո­զում յայտ­նեց որ ինք շա­հած է ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Զօ­րա­ւոր են­թա­հող ու­նէր այդ հա­մոզ­ման հա­մար. Սերժ Սարգս­եա­նին յաղ­թած էր, միշտ պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րով, Գիւմրիի, Ար­տա­շա­տի եւ նոյ­նիսկ Երե­ւա­նի առն­ուազն կէ­սին մէջ: Լու­րեր կը շրջա­գա­յէ­ին ար­դէն բա­ցա­յայտ խախ­տում­նե­րու, այ­սինքն` ընտ­րա­տու­փե­րը քուէ­նե­րով լեց­նե­լու մա­սին: Թէ որ­քան այդ լու­րե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն ճշմար­տու­թեան` հա­զիւ թէ փաստ­ուի, այն­պէս ինչ­պէս անակն­կա­լե­լի չէ որ կա­րե­լի ըլ­լայ օրի­նա­կան ըն­թա­ցա­կար­գով ապա­ցու­ցել Ռաֆ­ֆիի յաղ­թա­նա­կը:

Պարզ է նա­եւ որ Ռաֆֆի­ին քուէ­նե­րը կը բա­ցատր­ուին նա­եւ անով որ քա­ղա­քա­կան միւս երեք ու­ժե­րը` Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան, Հայ Ազ­գա­յին Քոնկ­րէս եւ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն որո­շե­ցին թեկ­նա­ծու չու­նե­նալ: Աւե­լի՛ն, Ռաֆ­ֆիին գա­ցած քուէ­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն Սերժ Սարգս­եա­նի դէմ բո­ղո­քի քուէ­ներ էին աւե­լի քան իր ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար տրուած քուէ­ներ: Տա­կա­ւի՛ն. Դաշ­նակ­ցու­թեան կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով թէ ոչ յի­սուն­հինգ հա­զա­րի չա­փով ան­վա­ւեր քուէ­ներ հա­շու­ուե­ցան միշտ պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րով: Այս բո­լո­րը կը նշա­նա­կէ որ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ միայն ան­տար­բե­րու­թիւն չկար, եւ, փաս­տօ­րէն, բո­ղո­քի, դժգո­հու­թեան ու փո­փո­խու­թեան ցան­կու­թեան ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն մը կը բա­ցա­յայտ­ուէր:

Եւ կա­րե­ւոր չէ թէ Ռաֆ­ֆին ինչ­պէ՛ս հա­մո­զեց մար­դոց: Իր բա­րեւն ու ժպտա­լով մար­դոց հետ ձեռն­ուե­լու քա­րո­զար­շա­ւա­յին ժես­թը իր ջեր­մու­թեամբ թե­րեւս դպաւ մար­դոց զգայ­նու­թեանց: Կա­րե­ւո­րը այն է որ Ազա­տու­թեան Հրա­պա­րա­կը, օփե­րա­յին առ­ջեւ, ղա­րա­բաղ­եան շարժ­ման սկսման քսան­հին­գամ­եա­կին օրը, Փետր­ուա­րի 20-ին, դարձ­եալ իմաստ ստա­ցաւ “ժո­ղո­վուրդ“ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը որ­պէս հա­ւա­քա­կան կամք: Եւ եթէ այն երա­նե­լի օրե­րուն ազա­տու­թեան տեն­ջանքն էր որ կ՛ար­տա­յայտ­ուէր “Մի­ա­ցում“ կար­գա­խօ­սով, 20 Փետր­ուար 2013-ին ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան պա­հանջն էր որ քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի ու ղե­կա­վա­րու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը օրա­կար­գի կը վե­րա­ծէր:

Ան­կէ յե­տոյ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ծա­նօթ են: Սերժ Սարգս­եան մեր­ժեց իշ­խա­նու­թիւնը յանձ­նել: Փետր­ուար 21-ին Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սերժ-Ռաֆ­ֆի հան­դի­պու­մը, որուն ըն­թաց­քին առա­ջի­նին դրած գլխա­ւոր երեք պա­հանջ­նե­րը` կամ իշ­խա­նու­թիւնը յանձ­նել, կամ խախ­տում­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը դա­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հրա­ւի­րել ու նոր ընտ­րու­թիւն­ներ անց­կաց­նել, կամ ալ լու­ծել Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը եւ խորհր­դա­րա­նա­կան նոր ընտ­րու­թիւն­ներ հրա­ւի­րել, մերժ­ուե­ցան երկ­րոր­դին կող­մէ: Նոյն օրն իսկ Ռաֆ­ֆին հան­դի­պե­ցաւ Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան Գերա­գոյն Մարմ­նին հետ եւ, նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու Հրանդ Բագ­րատ­եա­նէն ու Հ. Ա. Քոնկ­րէ­սէն Նի­կոլ Փա­շին­եա­նէն յե­տոյ Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ալ մի­ա­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժին որ շա­րու­նակ­ուե­ցաւ յա­ջորդ օրե­րուն` յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն բազ­մա­մարդ ըլ­լա­լով ի մաս­նա­ւո­րի Գիւմրիի մէջ Փետր­ուար 23-ին:

Ցարդ եզ­րա­կա­ցու­թիւն չկայ: Յստակ է որ առա­ջին օրէն իսկ Ռաֆ­ֆին բա­ցա­ռեց Մարտ 1, 2ի սե­նար­իո­յի մը կրկնու­թիւնը, եւ նոյ­նիսկ զուսպ կեր­պով հա­կա­դար­ձեց Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի աճա­պա­րան­քին: Մարտ 1, 2ի սե­նար­իո­յի բա­ցա­ռու­մը ան­կաս­կած նա­եւ այն վստա­հու­թիւնն է որ Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւնը ստա­ցաւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու հա­մար զօ­րա­շար­ժին: Բայց դե­ռեւս յստակ չէ թէ զօ­րա­շար­ժի նպա­տա­կը ինչ է, դէ­պի ուր պի­տի ու­ղորդ­ուի: Կայ, բնա­կա­նա­բար, ժա­մա­նա­կի գոր­ծօ­նը. իշ­խա­նու­թիւնն ու տի­րող հա­մա­կար­գը տե­ղի պի­տի չտան եւ պի­տի սպա­սեն որ զօ­րա­շար­ժե­րէ ու հա­ւաք­նե­րէ յոգ­նած ժո­ղո­վուր­դը ձանձ­րա­նայ ու հի­աս­թափ­ուի եւ իր գոր­ծին եր­թայ: Կը սպա­սեն որ ան­տար­բե­րու­թիւնը վե­րա­դառ­նայ, թէ­կուզ եւ երկ­րէն հե­ռա­նա­լու երազ­նե­րու փայ­փա­յու­մով որ­պէս­զի իրենք աւե­լի հան­գիստ վե­րա­դառ­նան իրենց բիզ­նէ­սին ու երկ­րի ղե­կա­վար­ման գոր­ծին որոնք ար­դէն շա­տե­րը նոյ­նա­ցու­ցած են կամ իրար­մէ չեն զա­նա­զա­ներ…

Իշ­խա­նու­թեան եւ ու­ժի դիր­քե­րէն եւ այդ դիր­քե­րու ու անոնց ան­պատ­ժե­լիու­թեան վստա­հած օլի­կար­գա­յին հա­մա­կար­գի այս ար­հա­մար­հան­քին դէմ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կա­նօ­րէն իրա­րու հա­կա­դիր, անց­եա­լին իրա­րու հետ բա­խած եւ քա­ղա­քա­կան տար­բեր ծրա­գիր­նե­րու հե­տա­մուտ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը, հիմ­նա­կա­նօ­րէն` Ռաֆ­ֆին ու իր Ժա­ռան­գու­թիւնը, ար­դէն կեդ­րոն-աջ կու­սակ­ցու­թեան վե­րած­ուած Հ. Ա. Քոնկ­րէսն ու Հա­յաս­տա­նի մէջ ձա­խի այ­լընտ­րան­քի կա­ռուց­ման առա­քե­լու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնը ու­նե­ցող Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պի­տի կա­րե­նա՞ն ի մի բե­րել ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը դէ­պի անա­րիւն պայ­քար ու հա­մա­կար­գա­յին թէ­կուզ եւ հանգր­ուա­նա­յին բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն հաս­տատ ու ար­մա­տա­կան բա­րե­փո­խում­ներ, բա­ցա­ռե­լով թու­նա­ւոր “յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու“ գու­նա­ւոր զա­ռան­ցան­քը: Թէ­կուզ եւ ի վեր­ջոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը ան­խու­սա­փե­լի դարձ­նէ ով ինչ պի­տի ստա­նա­յի տրա­մա­բա­նու­թիւնը, բայց հիմ­նա­կան է որ այս հանգր­ուա­նին ընդ­դի­մու­թիւնը գի­տա­կից ըլ­լայ ստեղծ­ուած պա­հու առի­թին, եւ հա­մոզ­ուի որ եթէ օլի­կար­գա­յին հա­մա­կար­գը այս ընտ­րու­թիւն­նե­րով ինք­զինք եւ իր օրի­նա­կա­նու­թիւնը աւե­լի հաս­տա­տէ փո­փո­խու­թեան յոյ­սը աւե­լի զօ­րա­ւոր հար­ուած պի­տի ստա­նայ: Որով­հե­տեւ` իշ­խող դա­սա­կար­գէն լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին բա­րե­գոր­ծու­թիւն պէտք է սպա­սել, բնաւ եր­բեք` բա­րե­փո­խու­թիւն:

2003-էն սկսեալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը կո­ա­լիցի­ոն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ստեղ­ծեց: Ազ­գա­յին մի­աս­նա­կա­նու­թեան պի­տա­կին տակ իշ­խող դա­սա­կար­գը ամ­րագ­րեց օլի­կար­գա­յին հա­մա­կար­գը հիմ­նա­կա­նօ­րէն չէ­զո­քաց­նե­լով աջ թէ ձախ ընդ­դի­մու­թեան կազ­մու­թեան ամէն փորձ: Կաս­կած չկայ որ այդ ձա­խո­ղու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու են նա­եւ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը: Մէկ խօս­քով` կո­ա­լիցի­ոն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ու քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­յին զանգ­ուա­ծին մի­ջեւ կա­պը խզեց: Ընդ­դի­մու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնը կը բա­ցատ­րէ Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի ընտ­րա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը 2008-ին իր ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­նե­րով: Նոյ­նիսկ երբ 2009-ին Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը վեր­ջա­պէս դուրս եկաւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն, կո­ա­լիցի­ոն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան իներց­իա­յի ազ­դե­ցու­թիւնը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ ընդ­հուպ մին­չեւ բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նա­կան Հան­րա­պե­տա­կան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի մը կազ­մու­թիւնը անց­եալ տար­ուայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Այս բո­լո­րէն իրենց դա­սը պի­տի կա­րե­նա՞ն քա­ղել ընդ­դի­մու­թեան ու­ժե­րը որոնք այ­սօր ժո­ղովր­դա­յին զօ­րա­շար­ժի գոր­ծօ­նին վրայ կրնան վստա­հիլ: Պի­տի հասկ­նա՞ն որ կո­ա­լիցի­ոն ընդ­դի­մու­թեան կազ­մու­թեան պատ­մա­կան ժա­մա­նակն է: Քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թիւնն ու հմտու­թիւնը պի­տի ու­նե­նա՞ն ժո­ղո­վուր­դին առաջ­նոր­դե­լու դէ­պի եր­կա­րա­շունչ պայ­քար ի խնդիր ոչ թէ հի­մա ու ան­մի­ջա­պէս իշ­խա­նա­փո­խու­թեան, այլ հիմ­նա­կա­նօ­րէն օլի­կար­գա­յին հա­մա­կար­գի “ապա­մոն­թաժ­ման“:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 440

Trending Articles